2013-11-19 10:07:34

«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթ։


ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը կը յայտարարեն «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթ: Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ վերջին երեք տարուան ընթացքին (2011-2013թթ.) եւ մինչեւ այսօր Սփիւռքի մէջ գործող լրատուամիջոցները, որոնք իրենց ուշադրութեան կեդրոնին կը պահեն հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ ազգային այլ հարցեր` հրապարակելով նշուած թեմաներով յօդուածներ, հարցազրոյցներ, ակնարկներ կամ սփռելով հաղորդումներ, հաղորդաշարեր եւ այլ նիւթեր: Մրցոյթին կը ներկայացուին 2013 թուականին հրապարակուած նիւթերը:
Մրցոյթը կ’իրականացուի հետեւեալ անուանակարգերուն համար`
- տպագիր լրատուամիջոց (թերթ, հանդէս)
- հեռուստաալիք/հեռուստաժամ
- ռատիօալիք/ռատիօժամ
- համացանցային լրատուամիջոց
- պլոք
Իւրաքանչիւր անուանակարգին մէջ սահմանուած են գլխաւոր եւ խրախուսական մրցանակներ:
Որոնք կ’ուզեն մասնակցիլ Մրցոյթին մինչեւ 15 Փետրուար 2014-ը մրցութային յանձնաժողովին պէտք է ուղարկեն mասնակցութեան յայտ եւ 2013-ի գործունէութեան ամփոփագիր:








All the contents on this site are copyrighted ©.