2013-11-18 14:19:40

Փակում Հաւատքի տարուան Նազարէթի մէջ


Կիրակի` Նոյեմբեր 17­ին, առաւօտեան ժամերուն բազմաթիւ ժողովուրդ հաւաքուած էր Նազարէթի քարաժայռի լերան մօտ, հոն ուր ժամանակին տեղացիները ուզած էին վար գլորել Յիսուսը, որ եկած էր քարոզելու Աստուծոյ Արքայութիւնը։
Մեծ ամփիթատրոն մը կառուցուած ըլլալով նոյն տեղը, բազմահազար ժողովուրդ կրցած էր հոն տեղաւորուիլ, Հրէաստանէն, Յորդանանէն եւ աշխարհի բոլոր ծագերէն եկած։ Լատիններու Պատրիարք` Ֆուատ Թուալի շուրջ կային շրջանի բոլոր կաթողիկէ եպիսկոպոսները։ Երեք երգչախումբեր կը մասնակցէին արարողութեան, Հայֆայի մարոնիթ երգչախումբը, Նազարէթի Ս. Անտոն եկեղեցւոյ երգչախումբը, ինչպէս նաեւ Նազարէթի Աւետման Տաճարի երգչախումբը. Ընդհանուր ղեկավարն էր հայազգի Հայկ Ոսկերիչեան, Նազարէթէն։
Նախ եւ առաջ` զանազան անձեր հաւատքի իրենց վկայութիւնը տուին, ընդմիջուած երգչախումբերու այլազան երգերով։ Ապա սկսաւ Սուրբ Պատարագը, որ հիմնականին մէջ լատին ծէսով կը կատարուէր, սակայն արեւելեան կարգ մը ծէսեր եւս մասնակցեցան, յոյն կաթողիկէները` աւետարանի ընթերցումով, ասորի եւ մարոնի ծէսերը մուտքի աղօթքներով, իսկ հայերէն լեզուով երգուեցաւ Սուրբ Սուրբը, Երգեհոնի ընկերակցութեամբ ֆրանչիսկեան միաբանութենէն` Հայր Արմանտօ Փիերուչչի­ի։
Կարդացուեցաւ Սրբազան Պապի պատգամը լատիներէն լեզուով։ Թուալ պատրիարքը քարոզեց արաբերէն լեզուով, յիշելով հաւատքի տարուան ընթացքին կատարուած կարեւորագոյն ձեռնարկները եւ մաղթելով որ այս առիթով` հաւատքը զարգանայ եւ աճի քրիստոնեայ բոլոր հասարակութիւններուն մէջ։
Սուրբ Պատարագէն ետք` Իսրայէլի զբոսաշրջկութեան նախարար` Ուզի Լանտօ հրաւիրեց բոլոր եկեղեցապետերն ու եպիսկոպոսները ճաշի, Նազարէթի Կոլտըն Քրաուն պանդոկին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.