Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը ժամանեց Հռոմ մասնակցելու
համար Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի լիանիստ հաւաքին (19 - 22 նոյեմբեր)։
Կարտինալական դասի անդամներ, Պատրիարքներ եւ աւագ Եպիսկոպոսներ, որոնց շարքին` Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց` Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը, ժամանած են Հռոմ` մասնակցելու
համար Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի գումարած լիանիստ հաւաքին որ տեղի կ՛ունենայ 19-22
նոյեմբեր, Վատիկանի առաքելական պալատի Պոլոնիայ դահլիճին մէջ։ Լիանիստ ժողովի ընթացքին
ժողովականները յատուկ ուշադրութեամբ պիտի քննարկեն կեդրոնական երեք նիւթեր` ծիսակատարութիւնը,
կղերին կազմաւորումը ու Աստուծոյ ժողովուրդին հովութիւնը։ Անոնք ապա 21 նոյեմբերին, առաւօտեան
ժամը ութին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ պիտի մասնակցին համապատարագի արարողութեան
զոր կը նախագահէ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին։
Լիանիստ Ժողովի մասնակցող Հայրապետերը` ապա հանդիպում պիտի ունենան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին
հետ` քննարկելու համար ''Արեւելքի քրիստոնեաներու'' ներկայ իրավիճակը։ Կիրակի 24
նոյեմբերին` ժողովականները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի
վրայ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած` ''Հաւատքի Տարուայ'' եզրափակիչ հանդիսաւոր
արարողութեան։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ ժողովի առթիւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը
բացած է թուիթերեան հաշիւ մը @orientchurch.va, ու վերանորոգումի ենթարկած է իր կայքէջը
։