2013-11-18 10:10:40

Եւրոպայի եպիսկոպոսները կը պահանջեն մարդասիրութիւն ցուցաբերել գաղթականներուն ։


''Աւելի քան 20 հազար գաղթականներ խեղդամահ եղած են միջերկրական ծովուն մէջ''։

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը, աշնանային իրենց ժողովին ընթացքին, գումարուած Պրիւքսէի մէջ, 12-15 նոյեմբեր, խնդրած են Եւրոպայի միութենէն աւելի թոյլտուութիւն ու մարդասիրութիւն ցուցաբերել, թէ օրինաւոր թէ անկանոն գաղթականներուն հանդէպ, մատնանշելով որ վերջին տարիներուն աւելի քան 20 հազար փախստականներ խեղդամահ եղած են միջերկրական ծովուն ջուրերուն մէջ` արժանավայել կեանքի մը ձգտելու փորձով։

Յայտնենք որ անցեալ 3 հոկտեմբերին Իտալիոյ Լամբետուզա կղզիի ջուրերուն մէջ 300 գաղթականներ խեղդամահ եղան։ Այս ողբերգութիւնը մեծապէս յուզեց մարդոց սրտերը ու ցնցեց շատերուն խիղճերը։ Այս պատճառաւ Եկեղեցին Եւրոպայի հասարակութենէն կը պահանջէ աւելի յարմար վարմունք` նման մարդկային կացութեան մը առջեւ, վերակոչելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսքը Լամբետուզա կղզիին այցելած պահուն. ''համաշխարհականացումը պէտք չէ դառնայ անտարբերութեան համաշխարհականացում այլ զօրակցութեան համաշխարհականացում''։
Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը ցաւով մատնանշած է որ ներկայիս Եւրոպայի միութեան մէջ աւելի քան 880 հազար անհատներ զոհ են պէսպէս ոճիրներու` շահագործումի, մարդավաճառութեան եւ մարմնոյ գործարաններու վաճառքի։
Եպիսկոպոսները հուսկ դրսեւորած են իրենց մտահոգութիւնը յաչս ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան երեւոյթին, ընդգծելով որ գաղթականներու ներկայութիւնը հարստութիւն մը կը ներկայացնէ թէ Եկեղեցւոյ եւ թէ ընկերութեան համար, շնորհիւ անոնց մշակոյթին, տուրքերուն եւ ձեռնհասութիւններու բազմազանութեան, այս պատճառաւ հարկաւոր է որ Եւրոպայի հասարակութիւնը ու ժողովրդապետութիւնները հիւրընկալեն զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.