2013-11-18 14:37:17

Աւելի քան ութը միլիոն ուխտաւոր այցելած են Սուրբ Պետրոսին դամբանը Հաւատոյ տարուան առթիւ։


Երկուշաբթի, 18 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Վատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին, Վերաւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան, գերապայծառ Խօսէ Օգդավիա Րույզ Արէնասի եւ գերապայծառ Կրահամ Պէլի հետ միասին ներկայացուցին ''Հաւատոյ Տարուայ'' փակման հանդիսութեան նախաձեռնութիւնները։
Իր ելոյթի ընթացքին գերապայծառ Ֆիզիքելլա յայտնեց որ ''Հաւատոյ Տարուայ'' ընթացքին 8 ու կէս միլիոն ուխտաւորներ այցելած են Սուրբ Պետրոսի դամբանը, վերահաստատելու համար իրենց հաւատքը։ Ան ապա ակնարկեց վերոյիշեալ տարուայ առթիւ, աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ իրագործուած, մեծ կամ փոքր ձեռնարկներուն։ Հաւատքը միացուց - ըսաւ գերապայծառ Ֆիզիքելլա - ու բոլորին առիթ տուաւ յիշելու մեր հաւատքին հիմը` Յարուցեալ Յիսուսը, նոր կեանքի յոյս։
Վերաւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` մատնանշեց ապա Հաւատոյ Տարուայ փակման առթիւ նախատեսուած երեք կարեւոր ձեռնարկներուն. Առաջինը` Սրբազան Քահանայապետի այցելութիւնը, 21 նոյեմբերին, Հռոմի Աւենդինօ կոչուած շրջանի Գամալտոլիի կրօնաւորուհիներուն։ Օր մը նուիրուած` Հայեցողական ու Փակեալ կեանքի նուիրուող անձերուն։ Հակիրճ այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի աղօթէ կրօնաւորուհինրուն հետ ու ապա առանձնական հանդիպում պիտի ունենայ միաբանութեան անդամներուն հետ։
Երկրոդ ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ 23 նոյեմբերի յետմիջօրէին եւ նուիրուած է Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի պատրաստուող անձերուն որ ''պատրաստ են մտնելու Հաւատքի դռնէն'' - ըսաւ գերապայծառ Ֆիզիքելլա յայտնելով թէ ''Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ մուտքին պիտի ընդունի թեկնածուներէն 35-ը ու անոնց պիտի ուղղէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի ծիսական հարցումները, ի ներկայութեան զանազան երկիրներէ ժամանած այլ 500 ուրիշ թեկնածուներու, ու անոնց ընկերացող կրօնուսույցներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն։
Իսկ վերջին նախաձեռնութիւնը տեղի կ՛ունենայ 24 նոյեմբերին, այն է` Հաւատոյ Տարուայ հանդիսաւոր փակումը որ պիտի կատարուի Սուրբ Պետրոսի մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ որուն ընթացքին, առաջին անգամուան համար, հանրութեան պիտի ցուցադրուին Սուրբ Պետրոս առաքելապետի աճիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.