2013-11-17 12:44:24

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի, 17 նոյեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութւն մը կատարեց մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Ղուկասի աւետարանէն, գլուխ 21, 5 - 19 համարները, որուն մէջ Յիսուս կը խօսի վերջին ժամանակներու մասին` Երուսաղէմի կործանումը։
Յիսուս կը հրաւիրէ իրեն շուրջիններու ''զգոյշ ըլլալու, չի խաբուելու եւ չի հետեւելու այն շատերուն որ պիտի քան իրեն անունով'', ու ապա ապրելու սպասումի այս ժամանակը որպէս վկայութիւն։
Յիսուսի այս խօսքերը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - արդիական են։ Ան այսօր եւս` 21-րդ դարուն, մեզ կը հրաւիրէ ''չխաբուելու''` սուտ փրկիչներէն որ կ՛ուզեն փոխարինել զինք։
Սրբազան Հայրը ապա անդրադարցաւ Աւետարանի հատուածին երկրորդ մասին ուր Յիսուս կը յայտնէ թէ` որպէս քրիստոնեաներ պիտի չարչարուինք ու հալածուինք, սակայն կը վստահեցնէ թէ ''ոչ իսկ մազ մը պիտի կորսուի մեր գլուխէն''։ Մենք ամբողջութեամբ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ենք, եւ ասոր համար Յիսուս մեզի կը խոստանայ թէ ''մեր համբերութեամբ մեր կեանքը պիտի փրկենք''։ Հակառակ աշխարհը յուզող ողբերգութիւններուն, Աստուծոյ բարիութեան եւ ողորմութեան ծրագիրը պիտի հասնի իր կատարումին։
Յիսուսի այս խոստումը - ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը - մեզի կը պարգեւէ ուժը` քաջութեամբ եւ յոյսով դիմագրաւելու մեր առօրեան, Տիրամօր հետ միասին, որ մեզի միշտ կ՛ընկերանայ։
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները ու անոնց ներկայացուց Հաւատոյ Տարուայ փակման առթիւ, կամաւորներու կողմէ ներկաներուն բաժնուած` ''հոգերոր դեղը'', տուփիկ մը որ կը պարունակէ Սուրբ վարդարան մը եւ Աստուածային ողորմութեան սրբապատկերը, ''հոգեւոր օգնութիւն մը ձեր հոգիներուն, որպէսզի ամենուրէք տարածէք սէր, ներողամտութիւն եւ եղբարյրութիւն - ըսաւ Սրբազան Հայրը աւարտելով խօսքը ու ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.