2013-11-17 12:46:55

''Ողորմութեան'' Հոգեւոր դեղերու բաշխում - Վատիկանի մէջ։


Կիրակի, 17 նոյեմբերի կէսօրին, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն բաժնուեցան ''ողորմութեան'' հոգեւոր դեղի տուփիկներ որ կը պարունակէին սուրբ Վարդարան մը, Աստուածային ողորմութեան պատկեր մը եւ գործածութեան տեղեկագիր։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը կազմակերպուած է` Քահանայապետական ողորմնաբաշխ` գերապայծառ Գոնրատ Գրաեւսքիի հովանաւորութեամբ եւ հարիւրաւոր կամաւորներու համագործակցութեամբ։
Գործածութեան տեղեկագիրին մէջ բացատրուած են ''Ողորմութեան'' իմաստը, ''դեղահատը'' առնելու նախազգուշացումները` Սուրբ Վարդարանը աղօթելու կերպը, ու ապա պէտք եղած ժամանակը` 7 վայրկեան։ Տեղեկագիրը կը պարունակէ նաեւ Յիսուսի` սրբուհի Ֆաուսդինա Գովալսքայի փոխանցած ''սիրոյ եւ ողորմութեան'' պատգամը







All the contents on this site are copyrighted ©.