2013-11-16 10:17:19

Պքերքէի մէջ հնչեցին Ազգային երկխօսութեան վերադառնալու կոչեր եւ նախագահի փոփոխութեան ու կառավարութեան կազմութեան գծով յայտնուեցան զօրակցութիւններ


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, ներկայութեամբ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքին։
Հանդիպումէն ետք նախագահ Սլէյման ներկայ գտնուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ. նախկին պապին Լիբանան այցելութեան մասին գիրքին շնորհահանդէսին։
Գիրքը, որ կը կրէ «Խաղաղութիւնս ձեզի կու տամ» անունը, կը ներկայացնէ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի Լիբանան կատարած այցելութեան մանրամասնութիւնները։
Գիրքի շնորհահանդէսի պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն իմաստուն կերպով վարուելու եւ գործակցելու։
Ռայի պատրիարքը զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի կողմէ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու եւ ազգային հաշտութիւն հաստատելու ճիգերուն։
Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանէն խնդրեց ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել։
«Լիբանանեան տարակարծիք քաղաքական ուժերէն կը խնդրենք դիւրացնել կառավարութեան կազմութիւնը։ Մենք կոչ կ՛ուղղենք կազմելու համախմբող կառավարութիւն մը, որ կարողութիւնը ունի լուծելու երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ապահովական մարտահրաւէրները։ Մենք կը զօրակցինք նաեւ նախագահ Սլէյմանի՝ ըստ սահմանադրական ժամկէտին նախագահական ընտրութիւններ կատարելու ջանքերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ նախագահի փոփոխութիւնը ապահովել եւ պահպանել Լիբանանը իւրայատուկ դարձնող ժողովրդավարութիւնը», շեշտեց Ռայի պատրիարքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.