2013-11-16 11:37:36

Ճատրակի Հայաստանի հաւաքականները կը շարունակեն իրենց յաղթական երթը


Վարշաւայի մէջ ընթացող Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին 2,5:1,5 հաշիւով պարտութեան մատնեց Ռուսաստանի խումբին: Չորրորդ խաղատախտակին վրայ Գաբրիէլ Սարգսեանը առաւելութեան հասաւ Տոմաշեւսկիի նկատմամբ եւ յաղթանակ պարգեւեց մեր հաւաքականին: Լեւոն Արոնեանը ոչ-ոքի խաղաց Գրիշչուկի, Սերկէյ Մովսիսեանը` Սվիտլըրի, Վլադիմիր Յակոբեանը` Մորոզեւիչի հետ:
Այս յաղթանակին շնորհիւ Հայաստանի հաւաքականը յառաջընթաց արձանագրեց մրցաշարային աղիւսակին վրայ եւ այժմ 11 միաւորով 2-3-րդ տեղերը կը բաժանէ Ատրպէյճանի հաւաքականին հետ: Առաջատարը` Ֆրանսայի ընտրանին 12 միաւոր ունի: Այսօր մեր ազգային ընտրանին պիտի խաղայ 8-րդ հանգրունը Ֆրանսայի դէմ:
Կանանց մրցաշարքին Հայաստանի հաւաքականը 3:1 հաշիւով յաղթեց Լեհաստանին: Էլինա Դանիէլեանը, Լիլիթ Մկրտչեանը եւ Լիլիթ Գալոյեանը պարտութեան մատնեցին համապատասխանաբար Աննա Իւանովին, Քլաուտիա Վիշնովսքային եւ Մարիոլա Վոզնեակին: Մեր հաւաքականը ունի 11 միաւոր եւ կը զբաղեցնէ երկրորդ հորիզոնականը: Յառաջատարը` Ուքրանիոյ հաւաքականը, որուն հետ այսօր պիտի հանդիպի Հայաստանի ընտրանին, ունի 13 միաւոր:







All the contents on this site are copyrighted ©.