2013-11-16 10:17:05

''Հաւատքի Միջազգային օր'' Նազարէթի մէջ։


Նախաձեռնութեամբ Սուրբ Երկրի կաթողիկէ եկեղեցիներուն, որոնց շարքին` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, 16 եւ 17 նոյեմբերին, Նազարէթի մէջ կազմակերպուած է ''Ընկալէ նուիրուած հաւատքը ու զայն նուիրէ ուրիշներուն'' վերտառութեամբ` ''Հաւատքի միջազգային օր'', ։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը կազմակերպուած է ի տես ''Հաւատոյ Տարուայ'' փակման արարողութեան որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ կիրակի 24 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ։
''Հաւատքի միջազգային օրուան'' յայտագիրը կը նախատեսէ Սուրբ վայրերու այցելութիւն եւ մասնակցութիւն դէպի Աւետման Պազիլիքայ կատարուած, ջահերու քայլարշաւին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պատարագի արարողութիւն ''Գահավէժի լերան'' վրայ, նախագահութեամբ Լատիններու Երուսաղէմի` Ֆուատ Թուալ Պատրիարքին։
Նազարէթի մէջ նախատեսուած է նաեւ ''Սուրբ Երկիր Մարիամի Անոր Մօր մօտ'' վերտառութեամբ այլ ձեռնարկ մը, կազմակերպութեամբ Իսրայելի զբօսաշրջիկութեան ազգային գրասենեակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.