2013-11-16 10:53:24

ԽՕՍԷ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ


Հայոց Դիցարանի երրորդ դիցուհին Նանէ կամ Մանէա կը կոչուի: Նանէ պաշտուած է իբր կոյս չաստուածուհի, բայց դաժան նկարագրով պատերազմիկ դիցուհի: Լուսաւորիչ` Նանէի եւ Անահիտի մեհեանները քանդելէ ետք, անոնց կալուածներն ու հարստութիւնները նոր Աստուծոյ պաշտօնեաներուն յատկացուց:
Ինչպէս արդեն նշեցինք թէ մեր Պանթէոնը կազմուած է օտարազգի տիպարներէ, (իրանական, ասորական, յունական…) սակայն ազգային նկարագիր մը առած է:
Միւս օտար, սակայն հայկական բնոյթ ունեցող չաստուածը կը կոչուի Բարշամին կամ Բարշիմնիա – Ան Բաալ Շամին կամ Բել Շամին կոչուած փիւնիկ-ասորի չաստուած մըն է: Կը նշանակէ §տէր երկնքի¦, որ արեգակն է: Անոր պաշտամունքը Հայաստան մուտք գործած է Մեծն Տիգրանի օրով, որ սովորութիւն ունէր իր նուաճած երկիրներուն կամ ժողովուրդներուն չաստուածներուն ալ սիրահարուիլ: Ըստ հայկական աւանդավէպին, Վահագնը Բարշամի քովէն յարդ գողնալու ատեն` յարդագողին ճամբան կազմած է: Աւանդավէպին իմաստը` արեւ-Վահագնի եւ լուսին-Բարշամին միջեւ խաւարումի պայքար մը կրնայ նշանակել, զոր Խորենացին Հայկի եւ Բելի պատերազմին վերածած է:
Արամազդէն եւ Տիրէն ետք, Հայոց Դիցարանի ամէնէն սիրուած ու պաշտուած չաստուածը կը հանդիսանայ Վահագնը: Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայոց հայրապետ օծուելու համար` Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքը չմեկնած`նախ կործանած էր Արամազդի, Անահիտի, Միհրի, Տիրի, Աստղիկի, Բարշամի եւ Նանէի մեհեանները: Իսկ Կեսարիայէն վերադարձին, ան կ’իմանայ թէ Վահէվահեան կոչուող մեհեան մը կը գտնուէր Քարքէ լերան ստորոտը, Տաւրոս կամ (հայերէն) Ցուլ կոչուած մեծ լեռին դիմաց, Արածանիի վրայ, ուր Վահագնը, Անահիտը եւ Աստղիկը կը պաշտուէին: Լուսաւորիչ զայն կործանելով`վրան կը կանգնեցնէ Յովհաննէս Մկրտչի եւ Աթանագինէս եպիսկոպոսին նուիրուած եկեղեցի մը, որ յետագային քանդուեցաւ լէնկթիմուրեան արշարանքներուն շրջանին: Վահագնի տօնակատարութիւնը տեղի կ’ունենար Սահմ ամսուան 7-ին:
Մեր պատմագիրները Վահագն ու Հերակլէսը միասին կը յիշատակեն, այն օրէն որ Մեծն Տիգրան Հերակլի արձանը Վահէվահեան բերաւ ու մեհեանին մէջ զետեղեց:
Ո՞վ էր Վահագն աստուածը: Ան դիցաբանութեան մէջ ունի բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ:
ա) Ըստ ոմանց` Վահագն արեգակնային աստուած էր, ինչպէս զայն կը յայտնէ նաեւ §Երկնէր երկին, երկնէր երկիր վիպասանքը: Խորենացին զայն զետեղած է Հայոց արքաներուն շարքին, որպէս Հայկազն Տիգրանի որդին: Իսկ Գողթան երգիչները Վահագնը փառաբանած են որպէս §վիշապաքաղ¦ կամ վիշապասպան, յաղթող օձերու:
բ) Հիւպշման §Վահագն¦ անունի ծագումը կը տեսնէ Աւեստայի §Վերերեագնա¦ չաստուծոյ անունին մէջ, որ կը նշանակէ §յաղթութեան Ոգի կամ չաստուած¦: Յաղթողի իր այս հանգամանքով` Վահագնը հայ թագաւորներէն սիրուած չաստուած էր, քանի որ անոնց զօրքերուն յաղթութիւն պարգեւող չաստուածն էր:
Վահագնէն առաջ` նախապէս նոյն յատկութիւնները վերագրուած էին Արա չաստուծոյ: Արա արեւի ու ռազմի չաստուածը եղած է:
Ըստ այլոց Վահագն անունը յառաջ եկած է սումերական աղբիւրէ եւ թարգմանաբար կը նշանակէ §բոցավառող եղէգ¦: Նոյն պատկերացումը կը գտնենք Վահագնի §Երկնէր…¦ հայ վիպասանքին մէջ, ուր անոր ծնունդը պատկերացուած էր եղէգին մէջէն իբր բարձրացող բոց: Վահագնի պաշտամունքի կեդրոնը Աշտիշատն էր: Արդ Ալշտիշատէն ոչ շատ հեռու` հրաբուխ մը կար, որ Վանայ լիճին արեւմտեան ափին յանգած ներկայ Նեմրուտ լեռն է: Շրջանի նախամարդիկը Նեմրուտ հրաբուխը պատկերացուցած էին հսկայ եղեգի մը գագաթին վառած իբր ջահ. §ընդ եղէգան փող բոց ելանէր¦:
(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.