2013-11-16 12:32:51

Զրոյց Տասն­հինգերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (6)


Հարցում թիւ 45. Արդեօ՞ք բնութեան օրէնքները, ինչպէս նաեւ իրերու բնական կարգ կանոնը, նոյնպէս Աստուծմէ ստեղծուած են։
Այո՛. բնութեան օրէնքները, ինչպէս նաեւ իրերու բնական կարգ կանոնը, նոյնպէս Աստուծմէ ստեղծուած են։
Մարդ արարածը բոլորովիին ճկուն էակ մը չէ. Ան ձեւաւորուած է կարգովն ու օրէնքներովը բնութեան, զոր Աստուած արձանագրած է իր ստեղծագործութեան մէջ։ Քրիստոնեան չ՛ըներ պարզապէս ինչ որ կ՛ուզէ. Ան գիտէ թէ իր անձին ու շրջապատին վնաս կու տայ երբ կը ժխտէ բնութեան օրէնքները, երբ կ՛օգտագործէ իրերը իրենց համար նախատեսուած իրագործումին հակառակ կերպով եւ կ՛ուզէ ինքզինք նկատել աւելի իմաստուն քան Աստուած, որ ստեղծած է զանոնք։ Մարդկային ուժերէն վեր է ուզենալ ամէն ինչ յղանալ ինքիրմէ, ոչինչէն սկսեալ։

Հարցում թիւ 46. Ինչու՞ Ծննդոց գիրքը կը ներկայացնէ ստեղծագործութիւնը որպէս վեց օրերու աշխատանքի շարք մը։
Խորդանշական պատկերը մէկ շաբաթուայ աշխատանքի, պսակուած միօրեայ հանգիստով (Ծննդոց 1,1 – 2,3) կը պատմէ մեզի թէ ստեղծագործութիւնը որքան լաւ է, գեղեցիկ եւ իմաստութեամբ կարգաւորուած։
Վեց օրուայ աշխատանքի խորհրդանշական այս պատկերէն կրնանք քաղել հետեւեալ հիմնական կէտերը. Ա. Ամէն ինչ որ գոյութիւն ունի` Արարիչին կողմէ կոչուած է գոյութեան. Բ. Իւրաքանչիւր արարած իրեն յատուկ բարութիւնն ունի. Գ. Նոյնիսկ այն ինչ որ գէշ դարձած է` ունի տակաւին բարի կորիզ մը. Դ. Բոլոր արարածները մէկը միւսէն կախում ունին եւ գոյութիւն ունին իրարու համար փոխադարձաբար. Ե. Ստեղծագործութիւնը` իր կարգ կանոնին եւ ներդաշնակութեան մէջ, կը ճառագայթէ Աստուծոյ գերագոյն բարութիւնն ու գեղեցկութիւնը. Զ. Ստեղծագործութեան մէջ կայ դասակարգում մը, որով մարդը կը յաղթէ անասունին, անասունը` բոյսին, բոյսը` անկենդան նիւթին. Է. Ստեղծագործութիւնը կը յառաջանայ դէպի այն մեծ տօնակատարութիւնը, երբ Քրիստոս պիտի գայ վերստանալու աշխարհը եւ երբ Աստուած պիտի ըլլայ ամէն բան բոլորին մէջ։

Հարցում թիւ 47. Ինչու՞ Աստուած հանգչեցաւ եօթներորդ օրը։
Աշխատանքէն ետք` Աստուած կը հանգչի. Այս կէտը մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ստեղծագործութեան աւարտումին վրայ, որ կը գտնուի բոլոր մարդկային ջանքերէն ետք։
Նոյնիսկ եթէ մարդը կրտսեր ընկերն է իր Արարիչին (Ծննդոց 2,15), չի կրնար աշխարհը փրկել լոկ իր ջանքերով. Ստեղծագործութեան նպատակն է նոր երկինք եւ նոր երկիր (Եսայի 65,17), շնորհիւ մեզի ընծայուած փրկչագործութեան։ Կիրակնօրեայ հանգիստը, որ մեզի կու տայ երկնաւոր հանգիստին մէկ նախաճաշակը, կը յաղթէ ուրեմն աշխատանքի շրջանին, որ մեզ կը պատրաստէ այդ հանգստեան։

Հարցում թիւ 48. Ի՞նչ էր Աստուծոյ ծրագիրը երբ ստեղծեց աշխարհը։
Աշխարհը ստեղծուած է Աստուծոյ փառքին համար (Ա. Վատիկանեան Ժողով)։
Ուրիշ պատճառ չկայ ստեղծագործութեան եթէ ոչ` սէրը։ Այս ստեղծագործութեան մէջ` կը ցոլան Աստուծոյ փառքն ու պատիւը։ ԶԱստուած օրհնել չի նշանակեր պարզապէս Աստուծոյ ծափահարել, որով մարդը լոկ հանդիսատես մը չէ Աստուծոյ գործին։ Օրհնել զԱստուած` կը նշանակէ մարդուս համար` ընդունիլ, համայն ստեղծագործութեան հետ, ինքնիր գոյութիւնը, մեծ երախտագիտութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.