2013-11-16 12:01:20

Զրոյց Տասն­երեքերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (4)


Հարցում թիւ 39. Յիսու՞ս ալ Աստուած է, արդեօ՞ք ան մաս կը կազմէ Սուրբ Երրորդութեան։
Նազովրեցի Յիսուսը Որդին է, երկրորդ անձը Ամենասուրբ Երրորդութեան, այն որուն կ՛աղօթենք երբ կ՛ըսենք. Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ (Մատթ. 28,19)։
Յիսուս` երբ կը յայտարարէր թէ ինք տէրն է շաբաթին եւ թոյլ կու տար որ զինք կոչէին աստուածային տիտղոսով` որպէս Տէր, կամ խաբեբայ մըն էր եւ կամ ալ իսկապէս Աստուած էր։ Եթէ Աստուած չըլլար, սրբապղծութիւն գործած կ՛ըլլար երբ թողութիւն կու տար մեղքերուն, որով իր ժամանակակիցներուն համար, այս յանցանքը մահապատիժի արժանի էր։ Սակայն շնորհիւ իր գործած հրաշքներուն եւ տուած նշաններուն, եւ յատկապէս իր յարութեամբը, իր աշակերտները հաստատ կերպով բնորոշեցին թէ ով էր իսկապէս Յիսուս, եւ զինք պաշտեցին որպէս Տէր. Ահա այս է հաւատքը Եկեղեցւոյ։

Հարցում թիւ 40. Աստուած կրնա՞յ ամէն բան ընել. Արդեօ՞ք Ան ամենակարող է։
Անկարելի բան չկայ Աստուծոյ համար (Ղուկաս 1,37). Ան ամենակարող է։
Այն որ կը դիմէ Աստուծոյ երբ պէտքը կը զգայ, կը հաւատայ անոր ամենակարողոութեան։ Աստուած ստեղծեց աշխարհը ոչինչէն, Ան տէրն է պատմութեան, կը կառավարէ ամէն բան եւ կրնայ ամէն ինչ ընել։ Իսկ իր ամենակարողութիւնն օգտագործելու կերպը կը մնայ խորհուրդ մը։ Յաճախ հետեւեալ հարց կ՛ուղղենք. Ու՞ր էիր Աստուած… Ան կը պատասխանէ մեզի Եսայի մարգարէի բերնով. Իմ մտածումներս ձեր մտածումներու նեան չեն, իմ ճանապարհներս ձեր ճանապարհներէն կը տարբերին (Եսայի 55,8)։ Հազուադէպ չէ որ Աստուած յայտնէ իր ամենակարողութիւնը հոն` ուր մարդիկ այլեւս որեւէ յոյս չունին։ Աւագ Ուրբաթի անկարողութիւնը` հանդիսացաւ պայմանը Յարութեան։

Հարցում թիւ 41. Գիտական հետազօտութիւնը արդեօ՞ք աւելորդ կը դարձնէ Ստեղծիչի մը անհրաժեշտութիւնը։
Ո՛չ երբեք. Հետեւեալ նախադասութիւնը թէ` Աստուած ստեղծեց աշխարհը գիտական կարգի հաստատութիւն մը չէ, որ կարենանք ըսել թէ ան այլեւս ի զօրու չէ. Ասիկա աստուածա­բանական հաստատութիւն մըն է, որ կը նշանակէ թէ աստուածային կարգի եւ աստուածային ծագում ունեցող ճշմարտութեան մը հաստատումն է։
Սուրբ Գրքի մէջ գտնուող` ստեղծագործութեան պատմութիւնը աշխարհի սկզբնաւորութեան գիտական բացատրութիւն մը չէ. Աստուած ստեղծեց աշխարհը նախադասութիւնը աստուածաբանակն հաստատում մըն է, ուր կը խօսուի աշխարհիս յարաբերութեանը Աստուծոյ հետ։ Աստուած ուզեց գոյութիւնը այս աշխարհին, կ՛ընկերանայ անոր յառաջացումին եւ կ՛ուզէ հասցնել զայն իր կատարումին։ Ստեղծուած ըլլալը յատկութիւն մըն է որ առընչուած կը մնայ առարկաներուն եւ անոնց նկատմամբ տարրական ճշմարտութիւն մը յառաջ կը բերէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.