2013-11-16 11:48:55

Զրոյց Տասերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (1)


Հարցում թիւ 30. Ինչու՞ կը հաւատանք միայն մէկ Աստուծոյ։
Կը հաւատանք միայն մէկ Աստուծոյ որովհետեւ, Սուրբ Գրքի համաձայն` միայն մէկ Աստուած կայ. Ինչպէս նաեւ տրամաբանութեան օրէնքներուն համաձայն` միայն մէկ Աստուած կրնայ գոյութիւն ունենալ։
Եթէ երկու աստուածներ ըլլային, անոնցմէ մին` միւսին սահմանը պիտի ըլլար, ուստի եւ ոչ մէկը անսահման պիտի ըլլար, ոչ մէկը կատարեալ պիտի ըլլար. Հետեւաբար երկուքէն ոչ մէկը պիտի կարենար Աստուած կոչուիլ։ Հրէայ ժողովուրդը այսպէս կ՛արտայայտէ իր հիմնական փորձառութիւնը. Մտիկ ըրէ, Իսրայէլ, քու Տէր Աստուածդ միայն մէկ է (Բ.Օրէնք, 6,4)։ Մարգարէները անդադար կը հրաւիրէին ժողովուրդը լքելու սուտ աստուածները եւ դառնալու դէպի միակ Աստուածը. Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, ուրիշ աստուած չկայ (Եսայի 45,22)։

Հարցում թիւ 31. Ի՞նչու Աստուած ինքիրեն անուն մը կու տայ։
Աստուած ինքիրեն անուն կու տայ, որպէսզի հասանելի ըլլայ մարդոցմէ։
Աստուած չ՛ուզեր անծանօթ մնալ. Ան չ՛ուզեր յարգուիլ որպէս գերազանց էութիւն մը, զոր կը զգանք կամ կը գուշակենք։ Աստուած կ՛ուզէ ճանչցուիլ եւ հայցուիլ որպէս անձ մը որ գոյութիւն ունի եւ կը գործէ։ Բոցավառ Մացառին մէջ ան կը յայտնէ իր սուրբ անունը` Մովսէսին. ԵՀՎՀ (Ելից 3,14)։ Աստուած ինքզինք մատչելի կը դարձնէ իր ժողովուրդին, մնալով հանդերձ ծածկուած Աստուածը, խորհուրդ` որ ներկայ է։ Իսրայէլի մէջ` առ ի յարգանս Աստուծոյ, չէին արտասաներ (եւ մինչեւ օրս տակաւին չեն արտասաներ) Աստուծոյ Անունը. Անոր փոխարէն կ՛ըսեն Ատոնայի (Տէր)։ Նոր Կտակարանը կ՛օգտագոծէ նոյն այս բառը երբ յարգանք կը մատուցանէ Յիսուսի, որպէս իրական Աստուծոյ. Յիսուս Տէրն է (Հռոմ. 10,9)։

Հարցում թիւ 32. Ի՞նչ կը նշանակէ. Աստուած ճշմարտութիւն է։
Աստուած լոյս է, իր մէջը խաւար չկայ (Ա. Յովհ. 1,5)։ Իր խօսքը ճշմարտութիւն է (Առակք 8,7. Բ. Սամուէլ 7,28) եւ իր Օրէնքը նոյնպէս ճշմարտութիւն է (Սաղմոս 119,142). Յիսուս ինքը կ՛երաշխաւորէ ճշմարտութիւնը Աստուծոյ երբ կը խոստովանի Պիղատոսի առջեւ ու կ՛ըսէ. Ասոր համար եկայ աշխարհ, որպէսզի վկայեմ ճշմարտութեան (Յովհ. 18,37)։
Աստուած չի կրնար ենթարկուիլ ստուգումի քննարկութեան, որովհետեւ գիտութիւնը կարող չէ զայն քննութեան առարկայ դարձնել։ Եւ սակայն Աստուած ինքզինք կ՛ենթարկէ ստուգումի յատուկ քննարկութեան։ Մենք գիտենք թէ Աստուած ճշմարտութիւն է, որովհետեւ Յիսուս բացարձակապէս հաւատքի արժանի է. Ինքն է ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը (Յովհ. 14,6)։ Ամէն անձ որ իր վստահութիւնը կը դնէ անոր վրայ, կրնայ այս ճշմարտութիւնը յայտնաբերել եւ անոր փորձառութիւնն ունենալ։ Եթէ Աստուած ճշմարիտ չէ, հաւատքն ու գիտութիւնը չեն կրնար երկխօսութիւն ստեղծել։ Եւ սակայն կարելի է երկուքին միջեւ համաձայնութիւն մը գտնել, որովհետեւ Աստուած ինքնին ճշմարտութիւնն է եւ ճշմարտութիւնը աստուածային է։







All the contents on this site are copyrighted ©.