2013-11-16 11:29:10

Զրոյց վեցրրորդ – ՀԱՒԱՏԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ (շարունակութիւն 7)


Հարցում թիւ 17. Ի՞նչ է իմաստը Հին Կտակարանին քրիստոնեաներուն համար։
Հին Կտակարանին մէջ` Աստուած կը յայտնուի որպէս ստեղծող աշխարհի եւ որպէս զայն կեանքի մէջ պահող, ինչպէս նաեւ որպէս առաջնորդ եւ դաստիարակ մարդկանց։ Հին Կտակարանի գրքերն ալ` Աստուծոյ Խօսքերն են եւ Սուրբ գրքեր. Առանց Հին Կտակարանի, կարելի չէ հասկնալ Յիսուսը։
Հաւատքը մեզի ուսուցանելու համար, հոյակապ պատմութիւն մը կը սկսի Հին Կտակարանով, որ վճռական փուլի մէջ կը մտնէ Նոր Կտակարանին մէջ եւ իր աւարտին պիտի հասնի աշխարհիս վերջը, Քրիստոսի գալուստով։ Այսպէսով` Հին Կտակարանը աւելի կարեւոր բան մըն է քան թէ պարզ նախաբան մը Նոր Կտակարանին։ Պատուիրաններն ու մարգարէութիւնները, հին Ուխտի ժողովուրդին տրուած, ինչպէս նաեւ այն խոստումները որ բոլոր մարդկութեան կը վերաբերին` երբեք յետսկոչում չեն ունեցած։ Հին Ուխտի գրքերուն մէջ` կը գտնուի անփոխարինելի գանձ մը աղօթքներու եւ իմաստուն գրութիւններու. Յատկապէս Սաղմոսները Եկեղեցւոյ առօրեայ աղօթքին սիրտը կը կազմեն։

Հարցում թիւ 18. Ի՞նչ է նշանակութիւնը Նոր Կտակարանին քրիստոնեաներուն համար։
Նոր Կտակարանին մէջ` Աստուծոյ յայտնութիւնը կը հասնի իր լրումին. Չորս աւետարանները ­ ըստ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի ­ կը կազմեն կեդրոնական բաժինը Սուրբ Գրքին եւ ամենայարգի գանձը Եկեղեցւոյ։ Անոնց մէջն է որ Աստուծոյ Որդին կը յայտնուի ինչպէս որ է եւ կու գայ մեզի հանդիպելու։ Գործք Առաքելոցին մէջ` կը գտնենք Եկեղեցւոյ առաջին քայլերը, Սուրբ Հոգւոյ մղումին ներքեւ։ Առաքելական Թուղթերուն մէջ` մարդկային կեանքի բոլոր երեսակները կը լուսաւորուին Քրիստոսի լոյսովը։ Իսկ Յայտնութեան գրքին մէջ` կը տեսնենք կանխաւ աշխարհի վերջը։
Յիսուս ամբողջութիւնն է այն խօսքին զոր Աստուած կ՛ուղղէ մեզի։ Բոլոր Հին Կտակարանը կը պատրաստէ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութիւնը. Աստուծոյ բոլոր խոստումները կը գտնեն իրենց լրումը Յիսուսի մէջ։ Քրիստոնեայ ըլլալ` կը նշանակէ աւելի սերտօրէն միանալ Քրիստոսի կեանքին. Ասոր համար հարկ է կարդալ աւետարանները եւ ապրիլ զանոնք։ Մատլէն Տէլպրէլ կ՛ըսէ. Իր Խօսքով` Աստուած մեզի կը յայտնէ թէ ինք ինչ է եւ թէ ինչ կ՛ուզէ մեզմէ. Զայն կ՛ըսէ միանգամ ընդ միշտ, եւ զայն կ՛ըսէ ամէն օր… երբ մեր աւետարանը կը բռնենք մեր ձեռքերուն մէջ, հարկ է որ մտածենք թէ անոր մէջ կը բնակի Բանն Աստուծոյ որ կ՛ուզէ մարմնանալ մեր մէջ, կ՛ուզէ ներգրաւել մեզ որպէսզի իր սիրտը` պատուաստուած մերինին, եւ իր հոգին` զօդուած մեր հոգւոյն, վերսկսինք մենք ապրիլ իր կեանքը ուրիշ վայրի մը, ուրիշ ժամանակի մը եւ ուրիշ մարդկային ընկերութեան մը մէջ։

Հարցում թիւ 19. Ի՞նչ դեր կը խաղայ Աստուածաշունչը Եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Հաղորդութեան մէջ Քրիստոսի ներկայութենէն զատ` Եկեղեցին չունի աւելի թանգարժէք բան, որ ըլլայ յարգանքի առարկայ, քան ներկայութիւնը Աստուծոյ` Սուրբ Գրքերուն մէջ։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին` Աւետարանի ընթերցումը կ՛ընդունուի յոտընկայս, որովհետեւ մարդկային խօսքերուն ընդմէջէն զոր կը լսենք, Աստուած ինքն է որ մեզի կ՛ուղղէ իր խօսքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.