2013-11-16 11:41:44

Զրոյց Ութերորդ – ՄԱՐԴՈՑ ՏՈՒԱԾ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (2)


Հարցում թիւ 22. Հաւատալ ­ Ի՞նչ կը նշանակէ։
Այն որ կը հաւատայ` հետամուտ է անձնական յարաբերութիւն մը հաստատելու Աստուծոյ հետ եւ պատրաստ է հաւատալու այն ամէն բանի զոր Աստուած կը յայտնէ իրեն` ինք իր մասին։
Հաւատքի սկիզբը կայ յաճախ ցնցում մը, կամ մտահոգութիւն մը։ Մարդը կը զգայ թէ տեսանելի աշխարհը եւ անոր բնական ընթացքը իր գոյութեան ամբողջութիւնը չեն կազմեր, կը զգայ որ խորհուրդ մը կը հպի իրեն. Ուստի կը հետեւի այն հետքերուն որոնք զինք կ՛առաջնորդեն դէպի Աստուծոյ գոյութիւնը, եւ այսպէսով կը գտնէ տակաւ առ տակաւ վստահութիւն` որպէսզի իրեն դիմէ եւ ի վերջոյ` ազատօրէն յարաբերութեան մէջ մտնէ անոր հետ։ Ս. Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.
՛Ոչ ոք երբեք Աստուած տեսած է, բայց Միածին Որդին որ Հօր ծոցն է, ինք յայտնեց մեզի՛ (Յովհ. 1,18)։ Ահա թէ ինչու հարկ է որ հաւատանք Յիսուսի, Աստուծոյ Որդւոյն, եթէ կ՛ուզենք գիտնալ թէ Աստուած ինչ կ՛ուզէ հաղորդել մեզի։ Ուստի հաւատալ կը նշանակէ իր հաւանութիւնը տալ Յիսուսի եւ իր բոլոր կեանքին նպատակը իր վրայ կեդրոնացնել։

Հարցում թիւ 23. Արդեօ՞ք հակասութիւն կայ հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ։
Չկայ անյաղթելի հակասութիւն հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ, որովհետեւ գոյութիւն չի կրնար ունենալ երկու ճշմարտութիւն։
Չկայ հաւատքի ճշմարտութիւն մը որ մրցակցութեան մէջ ըլլայ գիտութեան ճշմարտութեան մը հետ։ Միայն մէկ ճշմարտութիւն կայ որ կ՛ընդգրկէ թէ՛ հաւատքը եւ թէ՛ գիտական պատճառաբանութիւնը։ Աստուած է որ տուած է խելքը որով կ՛ըմբռնենք տիեզերքի հասկնալի կառոյցները եւ տուած է նաեւ հաւատքը։ Այս պատճառաւ է ոը քրիստոնէական հաւատքը կը գրգռէ եւ կը քաջալերէ գիտութիւնները, ներառեալ բնագիտութիւնը։ Հաւատքով` մենք կը ճանչնանք իրականութիւններ որոնք կը գերազանցեն մեր իմացականութեան սահմանները, եւ սակայն անոնք իրական են, հակառակ որ անհասանելի կը թուին ըլլալ մեր խելքին։ Հաւատքը կը յիշեցնէ գիտութիւններուն թէ չեն կրնար գրաւել Աստուծոյ տեղը, թէ հարկ է որ ծառայեն ստեղծագործութեան եւ յարգեն մարդկային անձին արժանապատուութիւնը։

Հարցում թիւ 24. Ինչո՞վ իմ հաւատքս կապ ունի Եկեղեցւոյ հետ։
Ոչ մէկը կրնայ առանձին հաւատալ, ինչպէս որ ոչ մէկը կրնայ առանձին ապրիլ։ Կը ստանանք հաւատքը Եկեղեցիէն եւ զայն կ՛ապրինք միասնաբար անոնց հետ որոնք այդ նոյն հաւատքը կը բաժնեն մեր հետ։
Հաւատքը մարդկային անձին ամենա­անձնական արարքն է, եւ սակայն անհատական արարք մը չէ։ Այն որ կը հաւատայ պէտք է կարող ըլլայ ըսելու ՛ես՛, ինչպէս որ կ՛ըսէ ՛մենք՛, որովհետեւ հաւատք մը, զոր չենք կրնար ոչ բաժնել ուրիշներու հետ եւ ոչ ալ հաղորդել ուրիշներու, տրամաբանական չէ։ Անհատ հաւատացեալը իր ազատ կամքով կը յարի Եկեղեցւոյ ՛Մենք կը հաւատանք՛­ին։ Եկեղեցիէն է որ ստացաւ իր հաւատքը. Դարերու ընթացքին` ան աւանդեց իրեն այդ հաւատքը, զայն պաշտպանեց ընդդէմ զեղծումներուն եւ թոյլ տուաւ որ անոր լոյսը միշտ փայլուն մնայ։ Այս պատճառաւ` հաւատքը մասնակցութիւն մըն է հասարակաց համոզումի մը. Ուրիշին հաւատքը զիս կը զօրացնէ, ինչպէս որ իմ հաւատքիս բոցը կը վառէ եւ կը զօրացնէ ուրիշներու մօտ հաւատքի կրակը։ Հաւատքի ՛ես՛­ը եւ ՛մենք՛­ը ընգծուած են այն իրողութենէն որ Եկեղեցին կ՛օգտագործէ երկու հաւատքի հանգանակներ Սուրբ Պատարագի ընթացքին. Մին Առաքելոց հանգանակն է, որ կը սկսի ՛Ես կը հաւատամ՛ բառերով, իսկ միւսը` Նիկիոյ­Կոստանդնուպոլսոյ ժողովներուն հանգանակն է, որ իր սկզբնական շրջանին կը սկսէր ՛Մենք կը հաւատանք՛ խօսքերով։ Արեւելեան բոլոր ծէսերուն մէջ, նեռարեալ հայկականը, տակաւին կը գործածուի յոգնակի բանաձեւը, ՛հաւատամք՛, այսինքն մենք կը հաւատանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.