2013-11-16 11:47:02

Զրոյց Իններորդ – ՄԱՐԴՈՑ ՏՈՒԱԾ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (3)


Հարցում թիւ 25. Ինչու՞ Հաւատքը պէտք ունի սահմանումներու եւ բանաձեւերու։
Որովհետեւ երբ կ՛արտայայտենք մեր հաւատքը, չենք արտասաներ անիմաստ բառեր, այլ իրականութիւններ։ Դարերու ընթացքին` Եկեղեցւոյ մէջ զանազան բանաձեւեր շարադրուեցան. Անոնց վրայ յենլով` կրնանք տեսնել այդ իրականութիւնը, զայն արտայայտել, զայն սորվիլ, զայն բաժնել ուրիշներու հետ, զայն հռչակել արարողութեան մը մէջ եւ ապրիլ անով։
Առանց հաստատուն բանաձեւի, հաւատքի պարունակութիւնը կը հալի. Այսպէս ուրեմն Եկեղեցին շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ կարգ մը նախադասութիւններու, որոնց գրութիւնը բանաձեւուած է դժուարին եւ երկար պրպտումներէ ետք, որպէսզի Քրիստոսի պատգամը զերծ պահէ անհասկացողութենէ եւ խաթարումէ. Հաւատքի բանաձեւերը մասնայատուկ կարեւորութիւն ունին մանաւանդ երբ Եկեղեցւոյ հաւատքը պիտի թարգմանուի զանազան մշակոյթներու, պահելով իր անփոփոխ յատկութիւնը։ Որովհետեւ հասարակաց հաւատքը հիմն է Եկեղեցւոյ միութեան։

Հարցում թիւ 26. Ի՞նչ են հաւատքի դաւանանքները։
Հաւատքի դաւանանքները հակիրճ բանաձեւեր են հաւատքի, որ թոյլ կու տան հաւատացեալներուն միասնական հաւատոյ դաւանութիւն մը տալու։
Պօղոս Առաքեալի նամակներն արդէն կը պարունակեն այս տեսակի կարճ բանաձեւեր։ Առաքելական Հանգանակը առաջին Եկեղեցւոյ իւրայատուկ արժէք մը ունի, որովհետեւ նկատուած է որպէս համառօտութիւն մը Առաքեալներու հաւատքին։ Իսկ Նիկիոյ եւ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ժողովներուն մէջ մշակուած բանաձեւը մեծ յարգանքի արժանի է, որովհետեւ Եկեղեցւոյ առաջին ժողովներէն յառաջ կու գայ, երբ տակաւին ան բաժնուած չէր (Նիկիա 325­ին, Կոստանդնուպոլիս` 381­ին)։ Մինչեւ օրերս այս հաւատոյ հանգանակը միասնական պատուանդանն է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քրիստոնեաներուն։

Հարցում թիւ 27. Ինչպէ՞ս յառաջ եկան Հաւատոյ հանգանակները։
Հաւատոյ հանգանակներու ծագումը կը հասնի մինչեւ Քրիստոս, որ խնդրեց իր առաքեալներէն` մարդիկը մկրտել։ Մկրտութենէն առաջ` անոնք պարտաւոր էին արտայայտել իրենց հաւատքը Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն մասին։
Հետագայ բոլոր հաւատոյ հանգանակներուն հիմը կը կազմէ դաւանութիւնը թէ Յիսուս մեր Տէրն է եւ իր հաւատացեալներուն յանձնած է առաքելութիւն մը. Գացէ՛ք բոլոր ազգերուն, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյ անունով (Մատթ. 28,19)։ Եկեղեցւոյ հաւատքի բոլոր հանգանակները բացայայտութինն են Սուրբ Երրորդութեան հանդէպ անոր հաւատքին։ Կը սկսին միշտ դաւանելով Հայրը` որ ստեղծեց աշխարհը եւ զայն կը պահէ կեանքի մէջ, Որդին` որ բերաւ ազատութիւն ու փրկութիւն մեզի եւ բոլոր աշխարհին, եւ կը հասնին Սուրբ Հոգւոյն` որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կ՛ապահովէ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ։

Հարցում թիւ 28. Ի՞նչ կ՛ըսէ Առաքելական հանգանակը։
Կը հաւատամ Աստուծոյ` Ամենակալ Հօր, Արարիչ երկնի եւ երկրի։
Եւ Յիսուսին` իր Միածին Որդւոյն եւ մեր Տիրոջ, որ յղացուեցաւ Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ, ծնաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն, չարչարուեցաւ Պոնտացի Պիղատոսի օրով, խաչուեցաւ, մեռաւ, թաղուեցաւ եւ իջաւ մեռելոց դժոխքը. Երրորդ օրը յարութիւն առաւ, բարձրացաւ երկինք եւ նստաւ ամենակալ Հօր Աստուծոյ աջակողմը, ուրկէ պիտի գայ դատելու ողջերն ու մեռեալները։
Կը հաւատամ Սուրբ Հոգիին, Կաթողիկէ Սուրբ Եկեղելցւոյն, սուրբերու հաղորդութեան, մեղքերու թողութեան, մեռելներու յարութեան եւ յաւիտենական կեանքին։ Ամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.