2013-11-16 11:39:04

Զրոյց Եօթներորդ – ՄԱՐԴՈՑ ՏՈՒԱԾ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (1)


Հարցում թիւ 20. Երբ Աստուած մեզի կը խօսի, ինչպէ՞ս կրնանք իրեն պատասխանել։
Պատասխանել Աստուծոյ` կը նշանակէ հաւատալ իրեն։
Այն որ կ՛ուզէ հաւատալ պէտք ունի սրտի մը որ գիտէ մտիկ ընել (Ա. Թագաւորաց, 3,9)։ Աստուած կ՛ուզէ մեզի հետ կապի մէջ մտնել զանազան ձեւերով։ Ամէն մի հանդիպում անձի մը հետ, ամէն սքանչացում բնութեան գեղեցկութեան առջեւ, ամէն կարծեցեալ դիպուած, ամէն մարտահրաւէր, ամէն ցաւ` կը բովանդակէ իր մէջ գաղտնի պատգամ մր զոր Աստուած կ՛ուղղէ մեզի։ Աւելի բացայայտ կերպով, Աստուած մեզի կը դիմէ իր Խօսքով կամ մեր խղճի ձայնով։ Մեզի կը դիմէ որպէս բարեկամներու։ Հարկ է ուրեմն որ պատասխան տանք իրեն նոյն ձեւով, որպէս բարեկամ։ Հարկ է հաւատալ իրեն, բոլորովին վստահիլ իր վրայ, սորվիլ միշտ աւելի լաւ ճանչնալ զինք եւ ընդունիլ իր կամքը առանց սահմանափակումի։

Հարցում թիւ 21. Ի՞նչ է Հաւատքը։
Հաւատալ կը նշանակէ ճանչնալ եւ վստահիլ։ Հաւատքը եօթը յատկանիշեր ունի.
­ Հաւատքը զուտ պարգեւ մըն է Աստուծոյ, զոր կը ստանանք երբ խնդրենք ջերմօրէն։
­ Հաւատքը այն գերբնական ուժն է որուն անհրաժեշտ պէտք ունինք, հասնելու համար մեր փրկութեան։
­ Հաւատքը կը պահանջէ մարդէն ազատ կամք եւ յստակ կողմնորոշում, երբ կը պատասխանէ Աստուծոյ կոչին։
­ Հաւատքը բացարձակ ստուգութիւն է, որովհետեւ Յիսուս է անոր երաշխաւորը։
­ Հաւատքը անաւարտ կը մնայ այնքան ատեն որ որ չի գործնականանար սիրոյ մէջ։
­ Հաւատքը կը զարգանայ երբ միշտ աւելի լաւ մտիկ կ՛ընենք Աստուծոյ Խօսքին եւ երբ, աղօթքով` կենդանի երկխօսութիւն մը կը յառաջացնենք անոր հետ։
­ Հաւատքը այժմէն կու տայ մեզի նախաճաշակում մը երկնքի ուրախութեան։

Շատեր կ՛ըսեն թէ չեն բաւարարուիր հաւատալով, կ՛ուզեն գիտնալ։ Սակայն հաւատալ բայը երկու տարբեր իմաստներ ունի։ Երբ անկարգելաւոր մը կը հարցնէ օդանաւային թռիչքի կեդրոնի պաշտօնեային եթէ անկարգելը շիտակ կերպով ծալլուած է եւ այս վերջինը պատասխանէ անփոյթ կերպով. Օ՜հ, կարծեմ թէ լաւ է… այս պատասխանը անընդունելի կ՛ըլլայ իրեն, որով կ՛ուզէ յստակօրէն գիտնալ։ Սակայն եթէ բարեկամէ մը խնդրած է ծալլել անկարգելը եւ այս վերջինը այսպէս պատասխանէ նոյն հարցումին. Այո՛, անձամբ ծալլեցի զայն, ապահով եղիր… անկարգելաւորը պիտի պատասխանէ իրեն. Այո՛, կը հաւատամ քեզի։ Ահա այս հաւատքը աւելի զօրաւոր է քան պարզ գիտնալը, ան հաստատութիւն մըն է։ Այս էր հաւատքը որ Աբրահամը մղեց գաղթելու դէպի խոստացուած երկիրը, որ օժանդակեց մարտիրոսներուն` հաստատ մնալու նոյնիսկ մահուան առջեւ, որ նեցուկ կը կանգնի այսօր եւս հալածուած քրիստոնեաներուն։ Հաւատք մը որ կը ներգրաւէ մարդը ամբողջովին։







All the contents on this site are copyrighted ©.