2013-11-16 11:22:00

Եւրոպական Միութիւնը պիտի վերահաստատէ Իրանի դէմ նախապէս չեղեալ յայտարարուած պատժամիջոցները


Թէեւ Արեւմուտքն ու Իրանը Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրած են, սակայն Եւրոպական Միութիւնը պիտի վերահաստատէ իսլամական հանրապետութեան դէմ շարք մը պատժամիջոցներ, որոնք նախապէս եւրոպական դատարանին վճիռով չեղեալ նկատուած էին։
«Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան դիւանագէտները ըսած են, որ պատժամիջոցները կը վերաբերին իրանեան որոշ դրամատուներու եւ ընկերութիւններու դրամատնային հաշիւներու «սառեցման»։ Այդ դրամատուներն են «Փըրժիա Ինթըրնեշընըլ Պանքը»-ը, «Էքսփորթ տեւելոփմընթ պանք աֆ Իրան»-ը եւ «Ռեֆահ Քարական պանք»-ը։
Միեւնոյն ժամանակ անոնք ընդգծած են, որ «իրենք ոչ թէ կ՛աւելցնեն Իրանի դէմ գործադրուող ճնշումը, այլ կը վերահաստատեն նախկին պատժամիջոցները»։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երկուշաբթի օր Քոնկրեսին կոչ ուղղած էր Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ չհաստատելու։ Օպամա նշած էր, որ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու հաւանական մեղմացումները խիստ չափաւոր պիտի ըլլան եւ հիմնական սահմանափակումները ուժի մէջ պիտի մնան։
«Տէյլի Պիսթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները պատրաստ են Իրանին տրամադրելու շարք մը տնտեսական փոխհատուցման միջոցներ, որոնք Թեհրանի կարելիութիւն պիտի տան վերադարձնելու մինչեւ 10 միլիառ տոլար, որ Իրանը կորսնցուցած է իր դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառով։
«Տէյլի Պիսթ»՝յղում կատարելով ամերիկեան ղեկավարութեան աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ նման առաջարկ եղած է Ժընեւի մէջ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ կատարուած բանակցութիւններուն ընթացքին։
Մասնաւորաբար խօսքը կը վերաբերի Իրանի քարիւղի եւ այլ ապրանքներու արտահանումը արտօնելուն։
Նախապէս Քոնկրեսին մէջ ելոյթ ունենալով՝ Փենթակոնի նախկին ներկայացուցիչ եւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններու հարցերով փորձագէտ Քոլի Քել հաղորդած էր, որ պատժամիջոցներու մեղմացման շնորհիւ Իրանը ընդհանուր առմամբ 6-7 միլիառ տոլարէն աւելի եկամուտ պիտի չունենայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.