2013-11-15 11:35:33

Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի պատուիրակութիւնը։


Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբերի 2013ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Էշրեֆիէի պատրիարքական իր նստավայրին մէջ ընդունեց Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր պարոն Արագած Ախոյեանի:

Պարոն Ախոյեան Հոգեւոր տիրոջ ներկայացուց Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայկական ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներու իրաւունքներուն վերականգման, ցեղասպանութեան հետեւանքով Արեւմտահայերու կրած կորուստներու հատուցման եւ Թուրքիոյ մէջ հայկական համայնքներու հետ յարաբերութիւններու ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներն ու յառաջիկային կատարուելիք գործողութիւններու ծրագիրը: Մասնաւորաբար ան Հոգեւոր տէրը տեղեկացուց նշեալ աշխատանքներու հետապնդման համար Համագումարի ընդհանուր ժողովէն բխած միջազգային իրաւաբանական խմբակի գործունէութեան , ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան, մտաւորականութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներուն մօտ հայկական իրաւունքներու լուսաբանման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ ապրող իսլամացուած եւ թաքուն հայերու հիմնախնդրին:

Հոգեւոր տէրը գնահատեց Համագումարի պատուիրակները՝ հայկական ընդհանրական շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր կատարուող գործունէութեան համար եւ խրախուսեց առաւել սերտացնել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ մէջ իրենց ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան վերականգման ձգտող հայկական ծագումով մարդոց շրջանակներուն հետ:

Յայտնենք, որ Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը ֆրանսական օրէնքին առջեւ արձանագրուած ոչ-քաղաքական կազմակերպութիւն է: Անոր՝ որպէս ՄԱԿ-ի մօտ դիտորդի կարգավիճակով կազմակերպութիւն արձանագրուելու վերաբերեալ քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ ընթացիկ տարուայ Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.