2013-11-15 09:46:11

Հաւատքը Սաղմոսներուն մէջ


Հին Կտակարանի ամբողջ կրօնական վարդապետութիւնը խտացուած է Սաղմոսարանին մէջ: Սաղմոսներուն հեղինակները մարդկային եւ կրօնական իւրայատուկ կացութիւնները կ՛արտայայտեն: Անոնք կը խօսին Աստուծոյ մասին, սակայն կը նախընտրեն աւելի ի խորոց սրտի խօսքն ուղղել Աստուծոյ:
Հին Կտակարանի ժողովուրդին կրօնական աշխարհի կեդրոնն է Աստուած: Սաղմոսերգուներուն ամբողջ վերհայեցողութիւնը ձգուած է դէպի Տէրը եւ դէպի անոր փառքը: Մարդը եւ անոր նիւթական, անհատական կարիքները կը մնան երկրորդական գետնի վրայ:
Սաղմոսները կ՛երգեն մշտնջենաւոր այսօրն Աստուծոյ, անոր սէրն ու ճշմարտութիւնը եւ փրկութիւնը, զոր կը պարգեւէ մարդուն: Այս իրոծութեան թոյսին տակ, հնաբոյր սաղմոսները կը մնան յաւերժօրէն թարմ, այժմէական աղօթքը մարդուն եւ անոր օրհնաբանութիւնը` Աստուծոյ:
Անծանօթ են սաղմոսներուն հեղինակները: Անոնց հաւաքածոները մակագրուած են Դաւիթի եւ ուրիշ սաղմոսերգուներուն անունով, առանց տանելու հեղինակութեան եզրակացութեան: Կը մնայ սակայն ծանօթ անոնց միակ եւ առաջին Հեղինակը` Սուրբ Հոգին: Ինչպէս ամբողջ Աստուածաշունչը, այնպէս ալ Սաղմոսները իբրեւ մաս աստուածային Գիրքին, Աստուծոյ խօսքն են տրուած մարդուն, մարդուս բարբառով:
Աստուածաշունչին նման, Սաղմոսները կ՛ընծայեն մեզի եղանակը, կը հարթեն ճամբան հանդիպումին` Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ: Մարդուն հառաչանքներով զղջումի, որոնումով ճշմարտութեան եւ փրկութեան, ցնծութեամբ օրհներգութիւններու, Հոգին կը բանայ ճամբան մարդուն հոգեկան եւ իմացական թանձրութեան մէջէն, որպէսզի մարդը երթայ ընդ առաջ իր Աստուծոյն որ կու գայ:
Սաղմոսները աղօթող հաւատացեալ հոգին, անոնց հեղինակներուն նման կը մտնէ հրաշապատում երկխօսութեան մէջ Աստուծոյ հետ: Երկխօսութիւնը Աստուծոյ, որ հանգրուան առ հանգրուան կը յայտնէ իր ծրագիրը սիրոյ: Երկխօսութիւնը մարդուն, որ կ՛որոնէ իմաստ: Սաղմոսներուն աշխարհի մարդոց նման, Նոր Ուխտի ժողովուրդն ալ եւ անոր իւրաքանչիւր անհատը, կ՛որոնէ իմաստը զինք չարչարող հարցերուն: Կը փնտռէ խորհուրդը մարդուն ճակատագրին եւ կեանքին կարճատեւ եւ վաղանցուկ, որ կը սկսի օրուան մը արշալոյսին եւ նոյն օրուան վերջալոյսին կը հասնի իր ելակէտին:
Սաղմոսները` խօսք Աստուծոյ, չունին սահման ժամանակի մէջ, այլ սահմանուած են բոլոր ժամանակներու մարդոց: Հարցերը որոնց կը ճակատին սաղմոսներու աշխարհին մարդիկը, այսօր ալ կան: Ինչպէս ամէն ժամանակներու մարդը, սաղմոսներուն արդարներն ու հաւատարիմները, զրպարտութեան եւ չարախօսութեան դիմաց, կ՛ապաւինին Աստուծոյ պաշտպանութեան հովանիին: Սուտերու աշխարհի դիմաց, կը հայցեն լոյսը ճշմարտութեան: Լքումի, հեգնանքի եւ առանձնութեան մէջ, կ՛աղաղակեն. «Աստուած իմ, Աս‎տուած իմ, ի՞նչու թողուցիր զիս»: Մահացու վտանգներու, կը պոռթկան. « Զարթիր, Տէր, եկուր եւ տես»: Ուրախութեան եւ երջանկութեան մէջ. « Օրհնեա անձն իմ զՏէր»: Միտքը չարչարող հարցերուն դիմաց կը մրմնջեն. « Տէրն է իմ լոյսը եւ կեանքը»: Իսկ երբ կարիքը կը զգան բացարձակ լոյսին եւ ճշմարտութեան, կը հայցեն. « Ղրկէ, Տէր, Լոյսդ եւ ճշմարտութիւնդ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.