2013-11-15 10:34:33

«Ժնեւ-2» հնարաւոր Է տեղի ունենայ դեկտեմբեր 12-ին։


Ըստ սուրիական լրատուամիջոցներուն, Սուրիոյ գծով խորհրդաժողովը կրնայ մեկնարկել Ժնեւի մէջ արդէն Դեկտեմբեր 12-ին:
«Ալ Ուաթան» թերթը կը յայտնէ, որ ԱՄՆ-ի Արգործ նախարար Ճոն Քերի տեղեկացուցած է իր ֆրանսացի պաշտօնակից Լորան Ֆապիուսին, որ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունը երկու շաբաթէն պիտի հրապարակէ խորհրդաժողովի իրականացման յստակ ամսաթիւը, որ նշանակուած է Դեկտեմբեր 12-ին'':
Իր հերթին Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական ներկայացուցիչը յայտարարած է գործակալութեան, որ պաշտօնապէս խորհրդաժողովի մեկնարկի ամսաթիւը դեռ որոշուած չէ, թէեւ կ’ակնկալուի, որ ան տեղի ունենայ Դեկտեմբերի կէսին: Գործակալութեան զրուցակիցը աւելցուցած է, որ խօսքը կը վերաբերի առաջարկութիւններու մասին, որոնք պէտք է քննարկուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.