2013-11-14 10:15:18

Ֆրանչիսկոս Պապի փոխ այցելութիւնը Իտալիոյ նախագահին։


Հինգշաբթի 14 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 10,45-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Հռոմի կեդրոնական մէկ բլուրի վրայ գտնուող, Իտալիոյ ''Գուիրնալէ'' կոչուած նախագահական պալատ, փոխ այցելութիւն կատարելու Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ` Ճորճօ Նափոլիթանոյին որ անցեալ 8 յունիսին պաշտօնական այցելութիւն տուած էր Վատիկան։

Գուիրինալէ ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեց նախագահ Նափոլիթանոն, ու ապա քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ ռազմական պատիւէն ետք, Նախագահն ու Քահանայապետը ուղղուեցան նախագահական գրասենեակ` ուր տեղի ունեցաւ առանձնական հանդիպում։

Հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում ու ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հակիրճ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ Ծերակոյտի եւ Երեսփոխանական պալատի ու Սահմանադրական դատարանի նախագահներուն հետ, հուսկ` պահ մը ամփոփուեցաւ նախագահական պալատի մատրան մէջ։

Ժամը 12-ին` Գուիրինալէի պաշտօնական դահլիճին մէջ արտասանուեցան պաշտօնական ճառերը ու ապա Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ նախագահական պալատի աշխատակազմին ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապի Գուիրինալէ կատարած այցելութիւնը վերջ գտաւ նախագահական պալատի կեդրոնական բակին մէջ, ուր Իտալական եւ Վատիկանեան քայլերգներու ունկդնրութեան ու ռազմական պատիւի ներակայացումի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով բոլորէն վերադարցաւ Վատիկան։

Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին. Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան ընդհանուր գործունէութեան փոխանորդ` գերապայծառ Անճէլօ Պէչչու, Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթի, Վատիկանի քաղաքապետարանի նախագահ` Կարտինալ Ճուզեբբէ Պերդելլօ, Իտալիոյ եպիսիկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ` Կարտիանլ Անճէլօ Պանիասքօ, Հռոմի թեմի տեղապահ արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինի, Քահանայապետական Տան կառավարիչ` գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյն եւ Իտալիոյ մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Ատրիանօ Պերնարտինի ու այլ եկեղեցականներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.