2013-11-14 08:45:31

Հալէպի հայաշատ շրջանները ենթարկուած են ռմբակոծութեան. Կան զոհեր եւ վիրաւորներ։


ՀԱԼԷՊ, «Բերիոյ Նիուզ».– 13 Նոյեմբերին՝ կէսօրէն ետք շուրջ ժամը 4ի շուրջ, հայահոծ Վիլլաներու թաղամասը ենթարկուեցաւ ծանր հրթիռարձակումի: Հրթիռի պայթումէն վիրաւորուեցան թաղի բնակիչներէն ոմանք, որոնց մէջ են 5 հայեր՝ Յակոբ Դաւոյեան, Յարութ Պազարպաշեան, Ռաֆֆի Պէրպէրեան, Ճորճ Գէորգ եւ Տիգրան Մանուկեան:
Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան Հալէպի համալսարանի հիւանդանոց, որպէսզի համապատասխան դարմանումներու ենթարկուին։
Նշենք, որ նախորդ օրերուն Հալէպ քաղաքի անմիջական շրջակայքը սուրիական բանակին կողմէ զինուորական ծանր գործողութիւններու ենթակայ էր. բանակը յառաջխաղացում կ՛արձանագրէ: Քաղաքի արեւելեան արուարձանները արդէն Սուրիոյ բանակի վերահսկողութեան տակ են:
Նշենք, որ զօրքը կը յառաջանայ դէպի Թել Ապու Տըննէ՝ վերատիրանալու Հալէպի ելեկտրականութիւն մատակարարող մայր կեդրոնին:
Մերթ ընդ մերթ կը լսուին ձայները պատերազմական օդանաւերու եւ թնդանօթներու հարուածներու, որոնք կ՛ուղղուին զինեալներու կեդրոններուն։
12էն 13 Նոյեմբեր լուսցող գիշերը մինչեւ առաւօտ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերէն ոչ շատ հեռու՝ ծայրամասային շրջաններու մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն պատճառով մերթ ընդ մերթ տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ուժգին ձայներ լսուեցան:








All the contents on this site are copyrighted ©.