2013-11-14 08:39:18

Կարտինալ Տոմէնիքօ Պարթոլուչչիի յուղարկաւորութիւնը։


Չորեքշաբթի յետմիջօրէի ժամը 15,30-ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ Կարտինալական դասին գահերէցը` Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոն նախագահեց` անցեալ 11 նոյեմբերի մահկանացուն կնքող 96 ամեայ Իտալացի Կարտինալ Տոմենիքօ Պարթոլուչչիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Յայտնենք որ Կարտինալ Պարթոլուչչի եղած է Սիքստինեան Մատրան երաժշտանոցի երբեմնի տնօրէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.