2013-11-14 10:03:40

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի՝ ''Հովուական Թուղթը''։ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱՑՈՒՄ


Եւ Բանն մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ:
Քրիստոս Մարմնացաւ որ մարդկային բնութիւնը սրբացնէ
Երբ ժամանակը լրացաւ, Մարիամ՝ անարատ յղացեալը, ծնաւ Փրկիչը աշխարհի:
Ծնաւ իր Անդրանիկ զաւակը՝ Յիսուս մսուրի մէջ (Ղուկ.Բ. 5-7),մինչ այդ հարուստները կը վայելէին իրենց պալատներու հաճոյքները, եւ թագաւորները իրենց դիզած հարստութիւնները: Հովիւները եղան անոր առաջին հաւատացողները ինչպէս նաեւ առաջին առաքեալները նորածնեալ Մեսիայի աւետիսը հաղորդելու աշխարհի: Նոր Կտակարանի մէջ յիշուած հովիւներու պատմութիւնը, պատկերն է հաւատքի եւ աւետարանացումի առաջին Ռահվիրաներուն:
Մսուրի մանուկը, Էմմանուէլը, որուն մասին Հին Կտակարանը խօսեցաւ եւ մարգարէացաւ, տարիներ յետոյ իրականութիւն դարձաւ: Նորածնեալ Փրկիչը ժամանակի մէջ պիտի հիմնէր, ամրապնդէր ու հաստատէր Աստուծոյ ընտրեալ նոր ժողովուրդը իր հաւատքին մէջ: Աստուածային իշխանութեամբ պիտի հռչակէր Նոր Ուխտի Կտակարանը, եւ ընտրեալ ժողովուրդը հաշտեցնելով Աստուծոյ Հօր հետ, պիտի ապահովէր անոր յաւիտենական փրկութիւնը Այսպէսով նոր ուխտով՝ որպէս միակ աղբիւր: Քրիստոս, անձամբ կ’ըսէ«մի համարիք թէ եկած եմ Օրէնքը եւ մարգարէները լուծելու: Չեմ եկած լուծելու, այլ լրացնելու» (Մատթ.5, 17): Ուրեմն Քրիստոսն է լրումը ժամանակին:
Չորս Աւետարանիչները, հովիւներու նման հիմնուած իրենց լսածին եւ տեսածին վրայ, հաւատարմութեամբ աշխարհին հաղորդեցին Նոր կտակարանի փրկութեան պատգամը: Առաքեալները, քարոզեցին Աստուծոյ Աւետարանը համայն աշխարհի: Անոնք ապրեցան եւ ի գին արեան վկայեցին Քրիստոսի: Այսպէս էր Պետրոսի՝ առաքեալներու Վէմին վախճանը, Պօղոսի, Թադէոսի եւ Բարթողեմեոսի, Ստեփանոսի եւ միւս առաջին եկեղեցւոյ մարտիրոսներուն վախճանը: Անոնք յանուն հաւատքի պաշտպանութեան, եւ վկայութեան տենջանքին, կնքեցին իրենց մահկանացու կեանքը այս աշխարհին մէջ վայելելու խոստացուած երկնային յաւիտենական երջանկութիւնը: Այս է ճշմարտութիւնը, որ մեր հոգիներու փրկութեան հարկաւոր է, որովհետեւ գիտենք Նոր Կտակարանի էջերէն թէ որքա՜ն դժուար էր վերահաստատել հաւատքը հրեաներուն՝ ընտրեալ ժողովուրդի սրտին մէջ: Մեծապէս հետաքրքրական է այն հատուածը, երբ Յիսուս ինքզինքը կը յայտնէ հրեաներուն ըսելով «Ես Աստուծոյ Որդին եմ» (Յովհ.10,36),Ինչպիսի կատաղութիւն եւ դիմադրութիւն կը գտնէ հրեաներէն: Անոնք հայհոյութիւն նկատեցին Յիսուսի արտայայտութիւնը, որ կը համարձակէր ինքզինքը Աստուծոյ Որդի կոչել: Սակայն եւ այնպէս, այս յայտնութեան վրայ մենք այսօր մեր հաւատքի դաւանանքը կը կատարենք եւ համոզուած կ’աղօթենք « …Աստուած յաստուծոյ Ծնունդ եւ ոչ արարած, նոյն ինքն ի բնութենէ Հօր… Որդի Աստուծոյ»: Քրիստոս, երբ ինքզինքը կը յայտնէ, որպէս Աստուծոյ Որդին, մենք Ս. Պետրոսի նման պիտի ըսենք « Դու ես Քրիստոսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մադթ.16,16) «Դուն ունիս յաւիտենական խօսքը»(Յով.6, 68-70)Դու ես ճշմարիտ մարմնացեալ Աստուածը, խոստացուած Մեսիան, որ եկաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ: Դու ես Փրկիչը աշխարհի, որ մեզ մաքրեց սուրբ արիւնով, ազատեց սատանայի որոգայթներէն եւ որդեգրութեամբ հաշտեցուց Աստուծոյ Հօր հետ, ինչ որ հրեաներու մօտ լրիւ տարբեր նշանակութիւն ունեցաւ: Անոնք չէին ուզեր ընդունիլ Քրիստոսի իրականութիւնը, որպէս Աստուծոյ Որդին: Անոնք կը մերժէին հաւատալ իրեն, որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնէին մարդ արարածը իրենց նման, չըսելու համար մեղաւոր մը, որ իրաւունք չունէր սրբապղծելու Աստուծոյ անունը:
Այն ժամանակուան Հրեաներու հոգեբանութեան մէջ, Քրիստոսի խօսքը չէր «Ես Աստուծոյ Որդին եմ» (Յով.10,36), միայն, որ զիրենք կը խանգարէր, այլ խօսքին շարունակութիւնը, ուր կ’ըսէ «եթէ ես չեմ կատարեր իմ Հօրս գործերը, դուք մի հաւատաք ինծի, բայց եթէ կը կատարեմ զանոնք…նոյնիսկ եթէ ինծի չէք հաւատար, գէթ հաւատացէք այն գործերուն զոր կը գործեմ … որովհետեւ Հայրը իմ մէջս է եւ Ես Հօր մէջ», այսինքն, ի հեճուկս հրեաներու կամքին, Յիսուս կը մնայ հաստատ իր խօսքին մէջ «ես եւ Հայրը մէկ ենք»:







All the contents on this site are copyrighted ©.