2013-11-13 11:58:41

''Մենք, հայ ժողովուրդը, Քրիստոսի հետ չարչարանք տեսած, նոյնիսկ եթէ մեռնինք, Քրիստոսի հետ ալ յարութիւն պիտի առնենք'' - ըսաւ Միրիաթեան արքեպիսկոպոսը Սուրիոյ խաղաղութեան համար սուրբ Պատարագի ընթացքին։


Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին, Արհիապատիւ Տէր Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրիաթեան՝ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը, կիրակի, 10 նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեանին: Սեղանի սպասաւորութիւնը կատարեցին ՀԿՄ.ի պատանիները: Երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ «Կիլիկիա» երգչախումբը: Իրենց մասնակցութիւնը բերին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Ա. խորհրդական քոյր Անայիս Գըրըգեան՝ տնօրէնուհի Սրբուհի Ագնէս վարժարանին, ինչպէս նաեւ քոյր Արմինէ Մակարոսեան՝ տնօրէնուհի Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանին եւ միաբանակից այլ քոյրեր, Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամի ատենապետ մեթր Ժագ Չուխատարեան, «Քարիդաս» Ժէիթաուի մասնաճուղի ներկայացուցիչ՝ տիկին Անի Գալուստ, ինչպէս նաեւ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներ: Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան նաեւ մեծ թիւով Սուրիայէն եւ մասնաւորապէս Հալէպէն Լիբանան ապաստանած հայ հաւատացեալններ:

Արհիապատիւ առաջնորդը իր քարոզին սկիզբը յուզումը յայտնեց իր դիմաց, իր հօտին մէկ մասը, գաղթական տեսնելով: Իր հայրական խօսքերը ուղղելով անոնց ըսաւ. «Փառք քեզ Տէր, Փառք քեզ յաղաքս ամենայնի Տէր, Փառք քեզ ... հակառակ ամէն բանի փառք կու տանք Աստուծոյ»: Ան յորդորեց ըսելով «յոյս ունեցէ՛ք: Չըլլայ թէ յուսահատիք»: Սրբազան քահանայապետին խօսքը մէջբերելով ան ըսաւ. «Մի՛ թողուք, որ ձեր սրտերէն յոյսը գողնան: Մեր յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած ենք եւ ոչ թէ մարդոց: Ձեր յոյսը մարդոց վրայ մի՛ դնէք»:
«Յոյսը լո՛յս է: Ինչպէս արեւը կը ծնի խաւարին մէջ եւ կը փարատէ զայն, այնպէս ալ մեր սեւ օրերը պիտի փարատին, որովհետեւ մեր յոյսը Քրիստոսն է: Մենք, հայ ժողովուրդը, Քրիստոսի հետ չարչարանք տեսած, նոյնիսկ եթէ մեռնինք, Քրիստոսի հետ ալ յարութիւն պիտի առնենք: Այս է մեր հաւատքը: Այս է մեր յոյսը, որ մեզի քաջութիւն պիտի ներշնչէ»:
Երկրորդ կէտը, որուն մասին անդրադարձաւ Առաջնորդը՝ երախտագիտութիւնն էր: «Գիտնալ շնորհակալութիւն յայտնելն է, ըսաւ ան: Աւետարանին մէջ կը պատմուի տասը բորոտներու մասին, որոնք բուժուեցան Յիսուսին կողմէն, սակայն անոնցմէ միայն մէկը եկաւ շնորհակալութիւն յայտնեց: Դուք եւ ես երախտապարտ ըլլալու ենք: Իմ եւ ձեր անունով այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, թեմական կառոյցներուն, Պատրիարքարանին, որ գրկաբաց ընդունեցան մեզ: Յատուկ շնորհակալութիւն տիկին Անիին, որ մօտէն կը հետեւի ընտանիքներուն: Ուստի գիտնանք շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ այս բարիքներուն համար» ըսաւ Գերապայծառը:
Երրորդ կէտ մը շեշտելով ան ըսաւ. «Սուրբ պահեցէ՛ք ձեր ընտանիքները: Մեր ընտանիքները ցիրուցան եղան, բաժնուեցան, եւ տագնապներու մէջ կ'ապրին: Կը հրաւիրեմ ձեզ, որ պահպանէք ձեր ընտանեկան սրբութիւնները: Հայու պատիւը միշտ բարձր պահէք ուր ալ երթաք: Դուք շատ լաւ գիտէք թէ մեր ընտանիքները ինչպիսի տառապանք կը քաշեն, ինչե՜ր կորսնցուցին, ինչե՜ր ձգեցին իրենց ետին, ինչ զոհեր տուին: Յատուկօրէն կը յիշեմ այսօր Վրէժ Քէշիշեանը՝ Դամասկոսէն, Անթուան Մոմճեանը՝ Հալէպէն, Թամար Վարվարեանը՝ Հալէպէն: Ինչպէս կրնամ մոռնալ մեր շատ սիրելի վարդապետը՝ Տէր Միքայէլ Քայեալը, որ առեւանգուած է տակաւին, տարւոյս 9 փետրուարէն ի վեր»:
«Ես յոյսով եմ որ պիտի վերադառնանք մեր տուները: Աստուած ձեզ բոլորդ օրհնէ՛: Սեւ ամպերը պիտի անցնին եւ մենք պիտի վերադառնանք»: Առաջնորդ հայրը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Յիսուս ըսաւ մի՛ վախնաք ես յաղթեցի: Մենք ալ Յիսուսի անունո՛վ պիտի կերտենք լուսաւոր ապագան»:
Արհիապատիւ Առաջնորդ հայրը խօսք մըն ալ ըսաւ արաբերէնով ու շարունակեց սուրբ Պատարագը: Պատարագի աւարտին բոլորը միաբերան աղօթեցին հայերէնի թարգմանուած Սուրիոյ համար խաղաղութեան աղօթքը, որ կատարած էր Սրբազան Քահանայապետը մի քանի ամիս առաջ:
Պատարագէն ետք հաւատացեալները կրցան հանդիպիլ իրենց Առաջնորդին հետ, եւ ողջունել նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որոնց շատերուն տուները այցելած էր անցեալ շաբաթներուն ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.