2013-11-13 14:25:48

Իտալական ''Իլ Գորիերէ տելլա սերա'' օրաթերթը եւ Ռիցցոլի տպագրատունը կ'արտատպեն Յիսուսեան հայր Անթոնիօ Սբատարոյին հարցազրոյցը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։


Նոյեմբեր 13-ին` իտալական ''Իլ Գորիերէ տելլա սերա'' օրաթերթը եւ Ռիցցոլի տպագրատունը արտատպած են Յիսուսեան հայր Անթոնիօ Սբատարոյին` հարցազրոյցը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, ''իմ դուռս միշտ բաց է'' վերտարութեամբ։Զրոյցը տեւած է 6 ժամ։
Հայր Անթոնիօ Սբատարօ, անցեալ օգոստոս 19-ին, 23-ին եւ 29-ին երկարաշունչ հարցազրոյց մը կատարած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ Հարցազրոյցին բնագիրը լոյս տեսաւ 19 սեպտեմբերին, ''Չիվիլդա Գաթոլիքա'' Յիսուսեաններու պարբերաթերթին մէջ։ Հարցազրոյցին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ'ըսէ` ''իմ դուռս միշտ բաց եղած է ու կը մնայ''։ Ան կը խօսի իր դաստիարակութեան, Յիսուսեան միաբանութեան մէջ ստացած հոգեւորութեան մասին։ Հարցազրոյցին մէջէն կը ցոլայ Սրբազան Քահանայապետի իւրայատուկ նկարագիրը ու զգայնութիւնը ու Անոր կապը գեղարուեստի ու աղօթքի կեանքին հետ։ Ան մեծապէս կը սիրէ ու կը փնտռէ շփումը մարդոց հետ։ Ան հարկաւորութիւնը կը զգայ բնական ըլլալ։ Հարցազրոյցը կարդալով ընթերցողը բարեպատեհութիւնը կ'ունենայ լսելու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մարդկութեամբ զեղուն ձայնն ու խօսքերը ու մօտէն ճանչնալու զանոնք։
Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ընտրութենէն ի վեր, շուրջ 8 ամիսներու ընթացքին, Իտալիա ծնած բազմաթիւ նորածիններուն տրուած է ''ֆրանչիսկոս'' անունը։ Հաւատացեալները աւելի յաճախականութեամբ եկեղեցին կ'այցելեն, նոյնպէս Վատիկանի ուխտաւորները բազմացած են։ Չորեքշաբթի օրուայ հերթական ունկնդրութիւններու թիւը շաբաթէ շաբաթ կը բազմանայ, առանց խօսելու կիրակի օրուայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին մասնակցողներու յարաճուն թիւին մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.