2013-11-12 10:05:17

Հայաստանը արժանացաւ «National Geographic Traveler»-ի «Տարուան յայտնութիւն» մրցանակին


Ամփոփուեցան «National Geographic Traveler» ամսագրի ռուսական տարբերակին կողմէ կազմակերպուած լաւագոյն զբօսաշրջային ուղղութեան մրցոյթի առցանց քուէարկութեան արդիւնքները: «Արմէնփրես»-ը կը հաղորդէ՝ վկայակոչելով Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հանրային կապերու գրասենեակը, որ մրցոյթի արդիւնքով Հայաստանը յաղթած է «Տարուան յայտնութիւն» անուանակարգին մէջ:
Այս տիտղոսը ապացոյցն է Հայաստանի բազմաբնոյթ զբօսաշրջութեան խթանման ուղղութեամբ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի կողմից իրականացուող բազմաթիւ քայլերուն: Այն յատկապէս կարեւոր է Հայաստանի պատմամշակութային եւ ազգային-հոգեւոր ժառանգութեան` ռուսական շուկային մէջ ճանաչելիութեան բարձրացման եւ ներգնայ զբօսաշրջային հոսքերու խթանման տեսանկիւնէն:
Նախապէս՝ այս տարուան Ապրիլին, ՀԱՄՀ հրաւէրով ճանաչողական այցի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ հիւրընկալուած էր «National Geographic Russia» ամսագրի խմբագրակազմը: Այցի արդիւնքով «National Geographic Russia» եւ «National Geographic Traveler» ամսագիրներուն մէջ հրապարակուած են Հայաստանին նուիրուած յօդուածներ, իսկ Nat-Geo.ru կայքին մէջ` լուսանկարներու շարք:







All the contents on this site are copyrighted ©.