2013-11-12 09:11:53

Երկու տարուան խզումէն ետք. Բրիտանիա եւ Իրան կը վերականգնեն դիւանագիտական յարաբերութիւնները


Բրիտանիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները երէկ յայտարարեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը վերականգնեն՝ գործավարի մակարդակով. գործավարները պիտի գործեն հեռակայ կարգով։
Բրիտանիա յայտարարեց, որ Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնած են եւ Թեհրանի մէջ բրիտանական դեսպանատան դէմ ամբոխի մը կողմէ կատարուած յարձակումէն ետք հեռակայ կարգով գործող դիւանագէտ մը՝ Աճայ Շարման նշանակած է իբրեւ գործավար։
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Շարման ներկայիս նախարարութեան մէջ Իրանի բաժանմունքի ղեկավարն է եւ իր նոր պաշտօնը անմիջապէս պիտի ստանձնէ։
Իրանի մէջ Բրիտանիոյ նոր նշանակուած գործավարը յայտնեց, որ այս ամսուան ընթացքին կը ծրագրէ Իրան այցելել։
Աճայ Շարման յունիս 2007-էն մինչեւ դեկտեմբեր 2008 Թեհրանի մէջ դեսպանատան թիւ երկու անձնաւորութիւնն էր, ապա այդ նոյն պաշտօնը վարած է Փարիզի մէջ։
Իրան իր կարգին յայտարարեց, որ Մոհամետ Հասան Հապիպզատէն նշանակած է Լոնտոնի մէջ իր դեսպանատան հեռակայ կարգով գործող գործավար։
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ յայտնած է, որ Հապիպզատէ մօտ օրէն Լոնտոն պիտի ուղղուի՝ քննելու համար իրանեան դեսպանատունը եւ այդտեղ հիւպատոսարանի գործունէութիւնը բարելաւելու համար։
Բրիտանիա Թեհրանի մէջ իր դեսպանատունը փակած էր նոյեմբեր 2011-ին, երբ Պասիժ խմբաւորումի հարիւրաւոր անդամներ Թեհրանի դէմ բրիտանական նոր պատժամիջոցներու հաստատումէն ետք դեսպանատան դէմ յարձակում գործած էին։
Իրան իր կարգին Լոնտոնի մէջ իր դեսպանատունը փակած էր, սակայն երկու երկիրները դիւանագիտական յարաբերութեանց խզումը պաշտօնապէս չէին յայտարարած։
Անցնող ժամանակաշրջանին Օման Բրիտանիոյ մէջ կը ներկայացնէր իրանեան շահերը, իսկ Շուէտը՝ Իրանի մէջ Բրիտանիոյ շահերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.