2013-11-12 09:21:59

Դամասկոսի մէջ Հայկական դպրոցին պատկանող փոխադրակառքին վրայ ռումբ ինկած է


Դամասկոսի Պապ Շարքի քրիստոնէական թաղամասին մէջ Նոյեմբեր 11-ին ռումբ ինկած է հայկական դպրոցին պատկանող փոխադրակառքին վրայ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է Դամասկոս բնակող Նազարէթ Էլմաճեանը` աւելցնելով, որ հրասանդը ինկած է ազգային Սուրբ Թարգմանչաց ճեմարանի փոխադրակառքին վրայ, որ աշակերտներ կը տեղափոխէր:
փոխադրակառքին վրայ իյնկած ռումբի հետեւանքով զոհուած են երկու հայ երեխաներ։
1-Յովհաննէս Աթոխանեան առաջին դասարան
2-Վանեսսա Միխօ՝ 3-րդ դասարան:
Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Դամասկոսի աղբիւրները։
Ռատիօ Վատիկանի Հայկական բաժինը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Հայ անմեղ մանուկներու հարազատներուն







All the contents on this site are copyrighted ©.