2013-11-11 13:54:17

''Քահանայապետական դիւանագիտութիւնը համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ'' խորագրով` Կարտինալ Պերթոնէի գիրքի ներակայցումը։


Երեքշաբթի, 12 նոյեմբերին, Վատիկանի ''սիւնհոդոսի'' սրահին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 5-ին, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս` ներկայացնելու համար, Սուրբ Աթոռի երբեմնի Պետքարտուղար` կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի` Վատիկանի տպագրատունի հովանաւորութեամբ լոյս տեսած` ''քահանայապետական դիւանագիտութիւնը համաշխահայնացած աշխարհի մէջ'' խորագրով հատորի ներկայացումը ։
Գիրքին նախաբանը ստորագրած է նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որ գրած է ` '' համոզումներու, արժէքներու եւ գաղափարներու խոր ճգնաժամը, դիւանագիկական գործունէութիւնը կը դնէ նոր հնարաւորութիւններու դիմաց որ միեւնոյն ատեն մարտահրաւէրներ են''։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան, Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթի, Եւրոպայի Խորհրդարանի երբեմնի նախագահ` Տիար Հանս Կէրդ Բոդդէրինկ, Լատերանիան քահանայապետական համալսարանի ''միջազգային իրաւագիտութեան'' դասատու` Բրոֆ Վինչէնցօ Պոնոմօ։ Մամլոյ ասուլիսը կը վարէ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին։

Յայտնենք նաեւ, որ միշտ երեքշաբթի 11 նոյեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրհաին մէջ, նախատեսուած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը ու խորհուրդի քարտուղար` Հայր Միկէլ Անկէլ Աեուզօն, լրագրողներուն կը ներկայացնեն ''միջկրօնական երկխօսութիւնը կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտօնական ուսուսուցմով­ 1963- 2013'' խորագիր կրող հատորը։








All the contents on this site are copyrighted ©.