2013-11-11 09:43:03

Ս. Միքայէլ ընծայարանի անուանակոչութիւն եւ նորաշէն կառոյցի 50-ամեակի հանդիսութիւն


Շաբաթ, 9 նոյեմբեր 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին, Զմմառու մայրավանքի Վերափոխման Ս. Կոյսի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ, նուիրուած՝ զոյգ առիթներու՝ դպրեվանքի պաշտպան սուրբին՝ Ս. Միքայէլ հրեշտակապետի տօնին եւ նորակերտ շէնքի 50-ամեայ յոբելեանին. պատարագը մատուցեց Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան:
Պատարագը մատուցուեցաւ նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ ներկայութեամբ պապական նուիրակ Կապրիելէ Քաչչայի ու պետական քաղաքական, հոգեւոր եւ հասարակական գործիչներու:
Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ մեր կեանքին մէջ հրեշտակներու կարեւորութեան եւ յատուկէն իւրաքանչիւր ժառանգաւորի հոգեւոր դաստիարակութեան: «Հրեշտակները մեզի հետ են ու կը հսկեն մեր վրայ, իւրաքանչիւր վարդապետի, նորընծայի ու անհատի: Մեր արձանագրած յաջողութիւններն ու նուաճումները կը պարտինք անոնց, վարդապետներ, ինչպէս նաեւ ժառանգաւորներ, որովհետեւ բոլորս ալ ապրած ենք այս ընծայարանի յարկերուն ներքեւ», ըսաւ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան: Ան յուզմունքով յիշեց հայր Միքայէլ վրդ. Քայելեանը, որ ամիսներ առաջ առեւանգումի ենթարկուած էր Հալէպ քաղաքի մայրուղիին վրայ:
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին հիւրերը մասնակցեցան դպրեվանքի սեղանատան մէջ կազմակերպուած ագապին:
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ կիսասարկաւագ Ժան Տիգրան Փիլիպոս, իսկ արաբերէնով՝ կիսասարկաւագ Պարգեւ Ֆատի Պաշխընճի:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր ասմունք՝ Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Մեծ»-ը՝ կատարողութեամբ Ժաք Քէշիշեանի, ապա ժառանգաւորները հնչեցուցին դպրեվանքի «Օ՛ն դու ակումբ հրեշտակաց» քայլերգը, «Հայրապետական օրհներգ», «Երազ իմ երկիր հայրենի», «Ով մեծասքանչ դու լեզու» եւ «Լեռներ հայրենի» երգերը, ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:
Դպրեվանքի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան իր սրտի խօսքին մէջ ընդգծեց 21-րդ դարու օրինակելի քահանայի տիպարը։ Տեսուչ հայր սուրբը դպրեվանքի 50-ամեայ յոբելեանին առիթով իր շնորհաւորանքները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցելով եզրափակեց խօսքը:
Ապա Ֆրանսերէնով խօսք առաւ Զմմառեան միաբանութեան մեծաւորը, որ շեշտը դրաւ համայնքին գոյատեւման առումով դպրեվանքին անհրաժեշտութեան վրայ եւ ըսաւ, թէ դպրեվանքը համայնքին սիրտն է, եթէ ան դադրի բաբախելէ, ապա կ՛անէանայ ու կը կորչի, իրեն հետ չքանալով համայնքին յոյսը, ուստի՝ ազգովին պարտաւոր ենք հոգալ, խնամել եւ գուրգուրալ դպրեվանքին:
Պապական նուիրակ Կապրիելէ Քաչչա իր սրտին խօսքը փոխանցելով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պահպանած յատուկ դիմագիծին: Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր հայկական եկեղեցիի կողքին կը գտնենք հայկական ծխական վարժարան մը, որով աշխարհի տարածքին հայը պահպանեց իր ինքնութիւնը հաւատքով ու իր մշակոյթով, գիտութեամբ եւ երկխօսութեամբ զինք շրջապատող ու հասարակութիւն կազմող անհատներուն հետ:
Տեղի ունեցաւ դպրեվանքի «Կանչ հրեշտակապետին» տարեգիրքի 50-ամեակին նուիրուած թիւին գինեձօնը. այս թիւը խմբագրեց դպրեվանքի հայոց լեզուի ուսուցչուհի եւ խմբագիր Սօսէ Փիլաւճեան: Գինեձօնի պահուն, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Թող այս տարեգիրքը Քրիստոսի լոյսը սփռէ իւրաքանչիւր ընթերցողի սրտին մէջ»:
Ապա դպրեվանքի տեսուչ հայրը 50-ամեակի յուշանուէրով պատուեց պաշտօնական անձերը եւ դպրեվանքին բարերարներէն ոմանց:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր հայրապետական խօսքին մէջ անդրադարձաւ դպրեվանքի 50-ամեայ գործունէութեանը եւ ըսաւ. «50 տարիներու բեղմնաւոր աշխատանքի արգասիքը հանդիսացան բազում կուսակրօն քահանաներ, որոնք իրենց ազգանուէր, Աստուածահաճոյ գործունէութեամբ պատիւ կը բերեն ոչ միայն համայնքին, այլեւ՝ ամողջ հայութեան»:
Հոգեւոր տիրոջ «Տէրունական» աղօթքով վերջ գտաւ օրուան տօնակատարութիւնը: Ապա, ներկաներէն ոմանք դպրեվանքի ոսկեմատեանին մէջ գրառումներ կատարեցին:







All the contents on this site are copyrighted ©.