2013-11-11 09:36:55

ԱԳ Նախարարը կը մասնակցի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր ժողովին


Նոյեմբեր 11-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Փարիզի մէջ կը մասնակցի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր ժողովի նստաշրջանին, ուր նոյն օրը նախատեսուած է անոր ելոյթը:
Նոյեմբեր 12-ին Էդուարդ Նալբանդեան պիտի մեկնի Ժնեւ, ուր ելոյթ պիտի ունենայ Ժնեւի համալսարանին մէջ:
Նոյեմբեր 14-ին նախարար Նալպանտեան Սթրազպուրկի էմջ պիտի նախագահէ Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէի նիստը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.