2013-11-11 12:09:12

«Արեւելքի քրիստոնեաներուն ուղղուած Պապին կտակը կ՛ըսէ. «Կառչա՛ծ մնացէք ձեր հողին եւ համակեցութեան»» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմէն վերադարձին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը իր ողջոյններն ու աղօթքները կը փոխանցէ Լիբանանին՝ աւելցնելով, որ պապին համար Միջին Արեւելքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի զարգացումները ազդեցիկ են։
«Մենք Լիբանանի մէջ հրաշքով կ՛ապրինք եւ եթէ մեզի պաշտպանող ձեռք մը չըլլար, կարելի չէր գիտնալ, թէ ի՛նչ վիճակ կրնայինք պարզել», ըսաւ Ռայի պատրիարքը՝ աւելցնելով, որ նախքան պապը Լիբանան հրաւիրելը, պէտք է Լիբանանը պատրաստենք այդ այցելութեան, որովհետեւ Լիբանան միջազգային արժէք կը ներկայացնէ, եւ բոլորը կը սիրեն Լիբանանը։
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Արեւելքի քրիստոնեաներուն ուղղուած պապին կտակը կ՛ըսէ հետեւեալը. «Կառչա՛ծ մնացէք ձեր հողին եւ համակեցութեան»։
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն՝ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բարեկամութիւն կայ՝ աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Ռիատ կատարելիք այցելութիւնը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին վրայ։
Ռայի պատրիարքը հաստատեց նաեւ, որ նախագահ Սլէյման անկեղծ է եւ եթէ ան երդուած է պահպանելու սահմանադրութիւնը, ապա ան պիտի չխախտէ իր երդումը։
Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեան ժամկէտին համաձայն կատարելը՝ աւելցնելով, որ ինք կը զօրակցի նախագահ Սլէյմանի այն պահանջին, որ անհրաժեշտ է արդար ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդմէջէն հաւասարակշռութիւն եւ հաւասարութիւն պարտադրել, ինչպէս նաեւ համախմբող կառավարութիւն մը կազմել։







All the contents on this site are copyrighted ©.