2013-11-10 11:53:03

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը Փիլիպեան կղզեախումբի նախագահ` Պէնինիօ Աքուինօ Գ-ի։


Ի լուր Փիլիպեան կղզեախումբը հարուածող ահեղ մրրիկի պատճառած աւերներուն եւ զոհերուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պետական Քարտուղար` գերապայծառ Բիէդրօ Բարոլինի ստորգարութիւնը կրող, ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Փիլիպեան կղզեախումբի նախագահ` Պէնինիօ Աքուինօ Գ-ին, որուն մէջ կ՛արտայայտէ իր ցաւն ու զօրակցութիւնը բոլոր անոնց որ այս ահեղ փոթորիկի զոհ եղան յատկապէս տնանկներուն ու անոնց որ իրենց սիրելիները կորսնցուցին։
Նորին Սրբութիւնը ապա աղօթելով Փիլիպեան Կղզեախումբի համայն բնակչութեան համար, քաջալերանք կը յայտնէ բոլոր քաղաքացիական իշխանութիւններու արտակարգ անձնակազմին ու կամաւորներուն, որոնք այս ժամերուն օգնութեան կը հասնին զոհերուն ու կարիքաւորներուն։ Ան ապա կը վերակոչէ Աստուածային օրհնութիւնները որպէսզի ուժ եւ սփոփանք պարգեւեն համայն երկրին։
Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը ի լուր այս ողբերգրական իրողութեան, շաբաթ 9 նոյեմբերին, թուիրթեարեան իր կայքի վրայ հրատարակած էր թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրած էր հաւատացեալները միանալու իրեն աղօթքներուն ''հայիան'' մրրիկի պատճառած զոհերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.