2013-11-10 11:33:39

Քոյր Մարիա Թերէզա Պոնծէլիի երանացման արարողութիւնը Գերմանիոյ Բատէրպորն քաղաքին մէջ։


Կիրակի, 10 նոյեմբերի յետմիջօրէին ժամը 3,00-ին, Գերմանիոյ Բատէրպորն քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ՝ հանդիսաւոր
Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին երանելի կը հռչակուի գերմանացի քոյր՝ Մարիա Թերէզա Պոնծէլ։ Երանացման արարողութիւնը կը նախագահէ կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ՝ նախագահը սուրբերու դատի ժողովին, ։
Քոյր Մարիա Թէրէզան ծնած է 17 սեպտեմբեր 1830-ին Գերմանիոյ Օլբէ կոչուած քաղաքին մէջ, հարուստ ընտանիքի յարկին տակ։
Ան երիտասարդ հասակէն միշտ փափաք յայտնած է հետեւիլ Քրիստոսին եւ խնամել աղքատները։ Հիմնած է ''Ֆրանչիսկեան աղքատ քոյրերուն Օլբէյի մշտնջենաւոր պաշտամունք'' միաբանութիւնը։ Քոյր Մարիա Թերէզա Պոնծէլ, հոգին աւանդած է առ Աստուած` 6 փետրուար 1905 –ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.