2013-11-09 10:22:27

Շնորհակալագիր Վատիկանի պետական քարտուղարութենէն


Վատիկանի Պետական Քարտուղարի տեղապահը՝ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին յղուած 8 Նոյեմբեր 2013 թուակիր պաշտօնագրով մը՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շնորհակալութիւնը կը փոխանցէ Զմմառու Վանքին մէջ մէկտեղուած Հայ Կաթողիկէ Եկեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերուն կողմէ Նորին Սրբութեան յղուած հաղորդութեան ջերմ նամակին համար։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնագրին մէջ ըսուած է թէ այս Հաւատքի Տարուան ընթացքին, ուրախալի է որ Պատրիարքական Սիւնհոդոսը որպէս թեմա իր աշխատանքներուն որդեգրած է հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքին խորացումը այն պահուն երբ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները կը բոլորեն դժուարին ժամանակաշրջան մը։

Սրբազան Քահանայապետը կ՚աղօթէ որպէսզի խաղաղութիւնը եւ համերաշխութիւնը վերջապէս վերահաստատուին Միջին Արեւեքի մէջ, ուր բնակչութիւնները այնքան տառապանքներու կ՚ենթարկուին։ Ան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսները, քահանաներն ու հաւատացեալները կը յանձնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութեան եւ Տիրամօր պաշտպանութեան







All the contents on this site are copyrighted ©.