2013-11-09 09:58:10

ԽՕՍԷ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ


Այս բազմաթիւ բարեմասնութիւններուն համար` Միհրի պաշտամունքը արեւելքէն անցնելով արեւմուտք, մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր յունահռոմէական աշխարհին մէջ` քրիստոնէութեան առաջին դարերուն, այնքան որ Տերտուղիանոս, Բ. դարու քրիստոնեայ ջատագովը, կը հարկադրուէր լուսաբանել Քրիստոսի եւ Միհրի անձերուն ստեղծած շփոթութիւնները ու անոնց նմանութիւնները հերքել:
Միհրի մեհեանը կը գտնուէր Բարձր Հայքի Դերջան գաւառի Բագառիճ գիւղին մէջ: Միհրի տօնին` Հայերը անոր ձի եւ ցուլ կը զոհէին եւ մեծ խարոյկ կը կառէին: Այս աւանդութիւնը հայոց մօտ պահպանուած կը թուի Տեառնընդառաջի տօնին հետ: Հռոմի մէջ Միհրը կը տօնէր 25 Դեկտեմբերին, ու ան դարձաւ Քրիստոսի ծննդեան տօնի թուականը:
Տիր – Բոլոր զարգացած ժողովուրդները ունեցած են Գիտութեան կամ Դպրութեան աստուած մը: Եգիպտացիները զինք Թօրն կոչած են, Փիւնիկեցիները` Թաուտ, Ասորիները` Նեբոս, Յոյները` Ապողոն կամ Հերմէս, Լատինները` Մերկիւր, իսկ Հայերս` Տիր: Տիրը մեր քով յետագային նոյնացաւ Ապողոնի կամ Հերմէսի հետ:
Տիր պարսկերէն կը նշանակէ §նետ¦, իսկ Հայոց մօտ ճանչցուած էր իբր Արամազդի կամ Որմիզդի §գրիչ¦ը, ըլլա՛յ որպէս մարդոց չար կամ բարի գործերուն արձանագրիչը, ըլլա՛յ նաեւ որովհետեւ Տիրի մեհեանը դիւան մը ունէր, ուր կը պահուէին քրմական նշանագրերը եւ անոնցնով արձանագրուած յիշատակարանները: Այս մեհեանէն պատգամներ կ’արձակուէին, երազներու մեկնաբանութիւն կը տրուէր եւ գուշակու-թիւններ կը կատարուէին:
Տիրի պաշտամունքէն յառաջ եկած են Տիրիթ, Տիրան, Տրդատ անունները: Հայկական Տրէ չորրորդ ամիսը Տիրի անունով կոչուած է: Ծիածան բառին ծագումը, ծիրանի գօտիի ներկայ իմաստը չառած, §Տիրական գօտի¦ կոչուած էր:
Ռամկական ոճով §Գրո՛ղը տանի¦ ասոյթը` Տիրի կը վերաբերի, ըլլա՛յ որովհետեւ Տիր մարդոց կեանքին չարն ու բարին §գրող¦ն էր, ըլլա՛յ որպէս §կրող¦, այսինքն հոգիները անդի աշխարհ տանողը:
Մեր դիցարանի երկրորդ կարեւոր դիցուհին Ահահիտէն ետք Աստղիկն է, այս դիցուհին ա՛յն էր Հայոց մօտ ինչ որ էր Իշտարը Բաբելոնի մէջ, Նանէն` Ասորեստանի մէջ, Աստարդէն` Փիւնիկէի մէջ, Ափրոդիտէն` Յունաստանի մէջ, Վենիւսը` Հռոմի մէջ: Ասոնք սիրոյ, գեղեցկութեան ու բեղմնաւորումի հեթանոս դիցուհիները եղած են:
Նաւասարդեան տօներուն, Աստղիկին ի պատիւ աղաւնիներ կը թռցնէին, վարդ կը սփռէին: Դիցուհիին արձանը եւ տօնական մարդիկը վարդերով կը զարդարուէին: Վարդը եւ աղաւնին` Աստղիկ դիցուհիին խորհրդանիշերը դարձան: Վարդավառի քրիստոնեայ տօնը, Նաւասարդեան տօներուն հետ զուգատիպելով, յետագային անոր տեղը գրաւեց եւ իրարու վրայ վարդ սփռելու տեղ` ջուր ցանելու սովորութիւնը քրիս-տոնեայ ուրախութիւն դարձաւ: Վարդավառ բառը սանսկրիտ իմաստով §ջրցանութիւն¦ նշանակածէ:
(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն







All the contents on this site are copyrighted ©.