2013-11-09 09:58:40

Թեհրանի մէջ Ռուհանի ընդունեց Հայաստանի ուժանիւթի նախարարը


Իրանի պաշտօնական «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հայաստանի ուժանիւթի նախարարը Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրաւոր ուղերձը։
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նախանցեալ օր Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը արտայայտեցին իրենց վճռականութիւնը՝ զօրացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար՝ ուժանիւթի եւ մշակութային մարզերուն մէջ։
Ռուհանի գովաբանեց Հայաստանի հետ բարեկամական կապերը՝ ընդգծելով ապագային երկու դրացի երկիրներու տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Թեհրանի եւ Երեւանի միացեալ ծրագիրներուն՝ յոյս յայտնելով, որ այդ ծրագիրները ինչքան կարելի է շուտ պէտք է իրականացուին։
Իր կարգին, Մովսիսեան ողջունեց երկու երկիրներուն միջեւ սերտ կապերը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը կը ձգտին զարգացնել յարաբերութիւնները Իրանի հետ։ Ան նաեւ վստահեցուց, որ Հայաստան ջանքեր կը գործադրէ միացեալ ծրագիրներու իրականացման խոչընդոտները վերցնելու համար։
«Փրես Թի.Վի.» կը հաղորդէ, որ 5 նոյեմբերին Հայաստանի եւ Իրանի ուժանիւթի նախարարները Թեհրանի մէջ երեք համաձայնագիրներ ստորագրած են՝ ուղղուած միացեալ ջրելեկտրակայանի ծրագիրի իրականացման։
Վերջին տարիներուն երկու երկիրները կարեւոր քայլեր կատարեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ, մասնաւորաբար ուժանիւթի մարզին մէջ։
Անցնող վեց տարիներուն ընթացքին Իրան 1.5 միլիառ խորանարդ մեթր կազ մատակարարեց Հայաստանին՝ անոր դիմաց ստանալով ելեկտրականութիւն։
Նշենք, որ վերջերս, երբ գրեթէ ամբողջ Հայաստանի ելեկտրականութեան մատակարարումը ընդհատուած էր, ուժանիւթի նախարարութիւնը պարզաբանեց, որ պատճառը Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի մեկուսացումն էր Իրանի ելեկտրականութեան համակարգէն։ Իրանի մէջ տեղի ունեցած էր ելեկտրականութեան մատակարարման արկած մը, որուն գծով նորոգութիւնները արագ կատարուած էին, սակայն Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան մատակարարումը իր բնականոն դրութեան վերադառնալու համար ժամեր պահանջուեցան







All the contents on this site are copyrighted ©.