2013-11-09 11:55:52

Զրոյց Չորրորդ – ՀԱՒԱՏԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ (շարունակութիւն 4)


Հարցում թիւ 9. Երբ Աստուած մեզի կ՛ուղարկէ իր Որդին, ի՞նչ կը յայտնէ ինքիրմէ։
Յիսուս Քրիստոսի ընդմէջէն` Աստուած ցոյց կու տայ մեզի իր բազումողորմ սիրոյն խորութիւնը։
Յիսուս Քրիստոսով` անտեսանելի Աստուածը կ՛ըլլայ տեսանելի. Կ՛ըլլայ մարդ մեզի նման։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ մինչեւ ուր կը հասնի Աստուծոյ սէրը. Ինքիր վրայ կը բեռցնէ այն ամէն ինչ որ կը ծանրանայ մեր վրայ. Մեզի կ՛ընկերանայ մեր բոլոր ճանապարհներուն վրայ. Մեր առանձնութեան մէջն է, մեր նեղութիւններուն եւ մահուան առջեւ, մեր տագնապին մէջ։ Կը գտնուի այնտեղ ուրկէ անդին չենք կարող անցնիլ, որպէսզի մեր առջեւ բանայ կեանքի դռները։

Հարցում թիւ 10. Յիսուսով ամէն ինչ ըսուեցա՞ւ թէ տակաւին յայտնութիւնը պիտի շարունակուի իրմէ ետք։
Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ նոյնինքն Աստուած եկաւ աշխարհ. Իրեն մտիկ ընելով` բոլոր ժամանակներու մարդիկ կրնան ճանչնալ թէ ով է Աստուած եւ թէ ինչ բան անհրաժեշտ է փրկուելու համար։
Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանով` Աստուծոյ յայտնութիւնը վերջնական է ու ամբողջական։ Որպէսզի այդ յայտնութիւնը մեզ լուսաւորէ, Սուրբ Հոգին մեզ կը ներմուծէ, միշտ աւելի խոր կերպով, ճշմարտութեան մէջ։ Կարգ մը անձերու կեանքին մէջ, Աստուծոյ լոյսը կը փայլի այնքան ուժեղ կերպով, որ կը տեսնեն բացուած երկինքը (Յայտնութիւն, 7, 56)։ Այսպէս է որ ծնունդ առին ուխտագնացութեան մեծ վայրերը, ինչպէս Կուատըլուփի Աստուածամայրը` Մեքսիքայի մէջ եւ կամ Լուրտը` ֆրանսայի մէջ։ Տեսանողներու մասնայատուկ յայտնութիւնները չեն կրնար սակայն բարւոքել Յիսուսի Քրիստոսի Աւետարանը։ Անոնք մեր հաւատքը չեն պարտաւորեր, սակայն կ՛օգնեն մեզի լաւագոյն կերպով հասկնալու համար Աւետարանը։ Իրենց բերած ճշմարտութիւնը Եկեղեցւոյ որոշումին կ՛ենթարկուի։

Հարցում թիւ 11. Ինչու՞ կը փոխանցենք հաւատքը։
Կը փոխանցենք հաւատքը որովհետեւ Յիսուս կը խնդրէ զայն մեզմէ. ՙԳացէք աշակերտեցէք բոլոր ազգերըՙ (Մատթէոս 28,19)
Ոչ մի իսկական քրիստոնեայ հաւատքի փոխանցումը չի թողուր մասնագէտներուն միայն (այսինքն ուսուցանողներուն, վարդապետներուն, առաքեալներուն)։ Քրիստոնեայ եղած ենք ուրիշներու համար։ Ասիկա կը նշանակէ. Ամէն իսկական քրիստոնեայ կ՛ուզէ որ Աստուած գայ հասնի նմանապէս ուրիշներուն։ Ինքիրեն կ՛ըսէ. ՙԱստուած պէտք ունի ինծի. Ես մկրտուած եմ, դրոշմուած եւ պատասխանատու դարձած որ իմ շրջանակի բոլոր մարդիկը ճանչնան զԱստուած եւ հասնին ճշմարտութեան գիտութեան. (Ա. Տիմոթէոս, 2,4)։ Մայր Թերեզա օգտագործած է շատ իմաստալից բաղդատութիւն մը. ՙՅաճախ կը տեսնես թելեր ճամբաներու եզերքը. ­կ՛ըսէ ան ­ Նախ քան հոսանքը անցնի անոնց մէջէն, լոյս չըլլար. Դուք էք թելերը եւ Աստուած է հոսանքը։ Մենք ունինք կարողութիւնը թոյլատրելու հոսանքին անցնելու մեր մէջէն եւ մեզ օգտագործելու որպէսզի լոյսը վառէ աշխարհի մէջ. Սակայն կրնանք նաեւ մերժել օգտագործուիլ եւ այսպէսով ըլլալ պատասխանատու խաւարի ծաւալումին աշխարհի վրայ։

Հարցում թիւ 12. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ ինչ բանը իսկապէս հաւատքի մաս կը կազմէ։
Իսկական հաւատքը կը գտնենք Սուրբ Գրքի մէջ ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ կատարած կենդանի աւանդումին մէջ։
Նոր Կտակարանը ծնած է Եկեղեցւոյ հաւատքէն. Սուրբ Գիրք եւ Աւանդութիւն կապուած են իրարու։ Հաւատքի փոխանցումը չի յենուր առաջնակարգ կերպով միայն գրուածքներու վրայ։ Եկեղեցւոյ առաջին շրջաններուն` կ՛ըսուէր թէ Սուրբ Գիրքը, նախ քան գրուած ըլլալը մագաղաթի վրայ, Եկեղեցւոյ սրտին մէջ գրուած էր։ Աշակերտները եւ Առաքեալները փորձառութիւնն ունեցան նոր կեանքի մը, շնորհիւ իրենց հասարակական կեանքին Յիսուսի հետ։ Այս հասարակութիւնը, որ որոշ տարբեր ձեւով վերակենդանացաւ Քրիստոսի յարութենէն ետք, բացուեցաւ բոլոր մարդոց` նորակազմ Եկեղեցւոյ կողմէ (Գործք. 2, 42)։ Անոնք իրար միացած էին, բայց նաեւ տեղ տուին ուրիշներու։ Մինչեւ մեր օրերս, հաւատքը նոյն ձեւով կը գործէ. Քրիստոնեաները կը հրաւիրեն ուրիշ անձեր ապրելու հասարակական կեանքը Աստուծոյ հետ։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ` այս միութիւնը պահպանուած է առանց խեղաթիւրուելու, առաքելական շրջանէն ի վեր։

Հարցում թիւ 13. Հաւատքի վերաբերեալ հարցերու մէջ, Եկեղեցին կրնա՞յ սխալիլ։
Հաւատքի վերաբերեալ հարցերու մէջ` հաւատացեալներու ամբողջութինը չի կրնար սխալիլ, որովհետեւ Յիսուս իր աշակերտներուն խոստացաւ թէ իրենց պիտի ղրկէր ճշմարտութեան Հոգին, որպէսզի պահէ զիրենք ճշմարտութեան մէջ (Յովհ. 14,17)։
Ինչպէս որ աշակերտները հաւատացին Յիսուսի խօսքերուն իրենց բոլոր սրտով, նոյնպէս ալ քրիստոնեան կրնայ ունենալ ամբողջական վստահութիւն Եկեղեցւոյ վրայ, երբ կը փնտռէ կեանքի ուղին։ Որովհետեւ Յիսուս­Քրիստոս ինքնին պատգամեց իր Առաքեալներուն` ուսուցանել. Եկեղեցին ունի վարդապետական իշխանութիւն, որը չի կրնար լռել։ Անշուշտ Եկեղեցւոյ անդամներէն անհատներ կարող են սխալիլ եւ նոյնիսկ ծանր յանցանքներ գործել, սակայն նկատի առած Եկեղեցւոյ ամբողջութիւնը, ան չի կրնար երբեք սխալիլ եւ աստուածային ճշմարտութենէն դուրս գալ։ Դարերու ընդմէջէն` Եկեղեցին յառաջ կը տանի կենդանի ճշմարտութիւն մը որ ինքիրմէ աւելի բարձր է. Կը խօսուի հաւատոյ աւանդին մասին, զոր պարտի պահել ու պահպանել։ Երբ այս ճշմարտութիւնը բացէ ի բաց ուրացուած է ու այլափոխուած, Եկեղեցին կը հրաւիրուի վերստին փայլ տալու ՙայն բոլոր ճշմարտութիւններուն որոնք ամենուրեք, միշտ եւ բոլորին կողմէ հաւատքի առարկայ եղած ենՙ (կ՛ըսէ Սուրբ Վէնսան տը Լէրէնս +450)։

Հարցում թիւ 14. Սուրբ Գիրքը Ճշմարի՞տ է արդեօք։
ՙՍուրբ Գրքերը կը սորվեցնեն հաստատ կերպով, հաւատարմօրէն եւ անսխալականօրէն ճշմարտութիւնը, որովհետեւ անոնք ներշնչուած են, ինչ որ կը նշանակէ թէ գրուած են Սուրբ Հոգւոյ ներշնչումին ներքեւ եւ ուրեմն զԱստուած ունին որպէս հեղինակ (Վատիկան Բ., Աստուծոյ Խօսքը)։
Աստուածաշունչը երկինքէն ինկած գիրք մը չէ եւ Աստուծոյ կողմէ թելադրուած մեքենական գրողներու (Ռոպոթներու)։ Ըբդհակառակը` ՙԱստուած ընտրեց մարդիկ որոնց դիմեց` յարգելով իրենց բոլոր յատկութիւններն ու առաւելութիւնները, որպէսզի, իր ներշնչանքով` անոնք գրի առնէին, որպէս իսկական հեղինակներ, այն ինչ որ Տէրը կը փափաքէր եւ միայն այդՙ (Վատիկան Բ., Աստուծոյ Խօսքը)։ Որպէսզի այս կամ այն հատուածը ճանչցուէր որպէս Սուրբ Գրութիւն, հարկ էր նակտի ունենալ նաեւ այս հատուածներու ընդունումը Եկեղեցւոյ հասարակութեան մէջ. Պէտք է անոնց նկատմամբ համաձայնութիւն մը գոյացած ըլլար քրիստոնէական հասարակութիւններու մէջ, որով անոնք կ՛ընդունէին թէ Աստուած ինքնին իրենց կը խօսէր այս գրութիւններուն ընդմէջէն։ Նախնական Եկեղեցւոյ մէջ գրի առնուած շատ մը գրութիւններու ընդմէջէն, անոնք որ իսկապէս Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած են` չորրորդ դարուն հաստատուեցան որպէս Կանոն Սուրբ Գրոց։
--------------------------------------------------------------------------
Նշմարներ չորրորդ Զրոյցի
(Եուքաթի էջերու` կողմնակի նօթագրութիւններ)

1 – Սուրբ Գրքէ մէջբերումներ.
­ Բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով, անցեալին Աստուած խօսեցաւ մեր հայրերուն մարգարէներով, իսկ այս վերջին օրերուն` խօսեցաւ մեզի Որդիով, զոր կարգեց ժառանգ ամէն բանի եւ որով ստեղծեց տիեզերքը (Թուղթ Եբրայեցիներու, 1, 1-2)։
­ Գալով ինծի, ես առի Տիրոջմէն ինչ որ իմ կարգիս աւանդեցի ձեզի (Ա. Թուղթ Կորնթացիներու 11, 23)։

2 ­ Սուրբերէ եւ երեւելի անձնաւորութիւններէ մէջբերումներ.
­ Յիսուս­Քրիստոսի ընդմէջէն` Աստուած մարդկային կերպարանք առաւ եւ դարձաւ մեր բարեկամը, մեր եղբայրը (Պենետիկդոս ԺԶ. Քահանայապետ)։
­ Յիսուս­Քրիստոսէ դուրս` մենք չենք գիտեր թէ ինչ է մեր կեանքի իմաստը, թէ ինչ է մահը, թէ ով է Աստուած, եւ նոյնիսկ չենք գիտեր թէ ով ենք մենք (Պլէզ Բասքալ)։
­ Անհրաժեշտ է եւ ստիպողական որ առաքեալներու նոր սերունդ մը յառաջանայ, որ Քրիստոսի Խօսքին վրայ արմատացած ըլլայ, որ ի վիճակի ըլլայ պատասխաններ տալու մեր ժամանակի հարցադրումներուն, եւ որ պատրաստ ըլլայ Աւետարանի պատգամը ամենուրեք տարածելու (Պենետիկդոս ԺԶ. Քահանայապետ)։
­ Սուրբ Աւանդութիւնը եւ Սուրբ Գիրքը իրար հետ միացած են եւ սեղմ կերպով առընչուած են իրարու։ Որովհետեւ երկուքն ալ` բխելով միեւնոյն աստուածային աղբիւրէն, կը կազմեն միութիւն մը, ամբողջութիւն մը եւ կը ձգտին միեւնոյն նպատակին։ (Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողով)։

3 ­ Բացատրութիւններ
Ի՞նչ կը նշանակէ ՙԱռաքելութիւնՙ բառը։
Կու գայ ՙառաքելՙ բառէն, որ կը նշանակէ ղրկել։
Առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ գոյութեան իսկ պատճառն է. Ան հրամանն է տրուած Քրիստոսէն բոլոր քրիստոնեաներուն` քարոզելու Աւետարանը, խօսքով եւ գործով, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ ազատօրէն կողմնորոշուիլ Քրիստոսի հանդէպ։









All the contents on this site are copyrighted ©.