2013-11-09 12:08:21

Զրոյց Հինգերորդ – ՀԱՒԱՏԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ (շարունակութիւն 6)


Հարցում թիւ 15. Ինչպէ՞ս կրնայ Սուրբ Գիրքը ճշմարիտ ըլլալ երբ կարգ մը բաներ որ կը պարունակէ շիտակ չեն։
Սուրբ Գիրքը մեզի չի տար պատմական ճշդումներ եւ կամ բնագիտական կարգի տեղեկութիններ։ Հեղինակները իրենց ժամանակի մարդիկ էին եւ իրենց ժամանակակիցներու մշակոյթին համեմատ`նոյն պատկերացումներն ունէին, ուստի եւ երբեմն ալ նոյն սխալները կը գործէին։ Սակայն այն ամէն ինչ զոր մարդիկ պէտք ունին գիտնալու Աստուծոյ մասին, ինչպէս նաեւ իրենց անձերու փրկութեան շուրջ` կը գտնուի Սուրբ Գրքին մէջ, առանց որեւէ սխալելու վտանգի։

Հարցում թիւ 16. Ինչպէ՞ս կարելի է կարդալ ճշգրտօրէն Սուրբ Գիրքը։
Սուրբ Գիրքը ճշգրիտ կերպով կը կարդանք երբ զայն կը միացնենք մեր աղօթքին, այսինքն` Սուրբ Հոգւոյ օգնութեամբ, որուն ազդեցութեան տակ լոյս տեսած է։ Ան Աստուծոյ խօսքն է եւ կը պարունակէ Աստուծոյ վճռական յայտնութիւնը։
Աստուածաշունչը կը նմանի երկար նամակի մը զոր Աստուած կ՛ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Ուստի եւ անհրաժեշտ է ընդունիլ Աստուածաշունչը մեծ սիրով ու յարգանքով. Հարկ է նախ իրապէս կարդալ Աստուծոյ նամակը, հասկնալու համար անոր իմաստը, առանց պատճառաբանելու մանրամասնութիւններուն վրայ եւ անտեսելու ամբողջականութիւնը գրուածքին։ Հարկաւոր է մեկնաբանել այն պատգամը որ յառաջ կու գայ խորհուրդէն որ կը կազմէ անոր սիրտը, որ է Յիսուս­Քրիստոս, այն որուն մասին կը խօսի ամբողջ Սուրբ Գիրքը, նեռարեալ Հին Կտակարանը։ Հաւատքը որուն ուժով կարդալու է Սուրբ Գիրքը` կենդանի հաւ
ատքն է Եկեղեցւոյ, որմէ յառաջ եկած է ան։

Աստուածաշունչի կանոնական գրութիւնները Հետեւեալներն են.
Հին Կտակարանէն, 46 գրքեր.
Պատմական գրութիւններն են. Ծնունդք, Ելք, Ղեւտական, Թիւք, Երկրորդ Օրէնք, Յեսու Նաւեայ, Դատաւորք, Հռութ, Առաջին Թագաւորութեանց (Ա. Սամուէլ), Երկրորդ Թագաւորութեանց (Բ. Սամուէլ), Երրորդ Թագաւորութեանց (Ա. Թագաւ.), Չորրորդ Թագաւորութեանց (Բ. Թագաւ.), Առաջին Մնացորդաց, Երկրորդ Մնացորդաց, Գիրք Եզրի, Բանք Նեեմիայ, Տովբիթ, Յուդիթ, Եսթեր, Առաջին Մակաբայեցւոց, Երկրորդ Մակաբայեցւոց։
Իմաստուններու գրութիւններն են. Յովբ, Սաղմոսք Դաւթի, Առակք Սողոմոնի, Ժողովող, Երգ Երգոց, Իմաստութիւն Սողոմոնի, Սիրաք։
Մարգարէական գրութիւններն են. Եսայի, Երեմիա, Ողբք Երեմիայ, Թուղթ Բարուքայ, Եզեկիէլ, Դանիէլ, Ովսէէ, Յովէլ, Ամովս, Աբդիու, Յովնան, Միքիէ, Նաւում, Ամբակում, Սոփոնիա, Անգէոս, Զաքարիա, Մաղաքիա։
Նոր Կտակարանէն, 27 գրքեր.
Աւետարաններ. Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս, Յովհաննէս։
Գործք Առաքելոց։
Պօղոսի Նամակները. Առ Հռովմայեցիս, առ Կորնթացիս Ա., առ Կորնթացիս Բ., առ Գաղատացիս, առ Եփեսացիս, առ Փիլիպպեցիս, առ Կողոսեցիս, առ Թեսաղոնիկեցիս Ա., առ Թեսաղոնիկեցիս Բ., առ Տիմոթէոս Ա., առ Տիմոթէոս Բ., առ Տիտոս, առ Փիլիմոն, առ Եբրայեցիս։
Ընդհանրական նամակները. Թուղթ Յակովբայ, Ա. Թուղթ Պետրոսի, Բ. Թուղթ Պետրոսի, Ա. Թուղթ Յովհաննու, Բ. Թուղթ Յովհաննու, Գ. Թուղթ Յովհաննու, Թուղթ Յուդայի։
Յայտնութիւն Յովհաննու։







All the contents on this site are copyrighted ©.