2013-11-09 11:48:48

Զրոյց Երրորդ – ՀԱՒԱՏԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ (շարունակութիւն 2)


Հարցում թիւ 5. Ինչու՞ կարգ մը անձեր կը ժխտեն Աստուծոյ գոյութիւնը, երբ կարողութինն ունին զայն ապացուցանելու խելքով։
Մարդկային մտքին համար` ճանչնալ աներեւոյթ Աստուածը մեծ մարտահրաւէր մըն է, որ նահանջել կու տայ շատերուն։ Բազմաթիւ են նաեւ անոնք որոնք չեն փափաքիր ճանչնալ զԱստուած, որովհետեւ այդպէսով ստիպուած պիտի ըլլային փոխելու իրենց կեանքի ընթացքը։ Այն որ կը յայտարարէ թէ անիմաստ է Աստուծոյ գոյութեան հարցումն ուղղել, իր կեանքի իմաստը շատ դիւրաւ կը պարզեցնէ։

Հարցում թիւ 6. Կարելի՞ է արդեօք իրապէս ճանչնալ զԱստուած. Կարելի՞ է ուղիղ կերպով խօսիլ իր մասին։
Թէեւ մարդկային խելքը սահմանափակ է, եւ Աստուծոյ անհուն մեծութիւնը երբեք չի կրնար ներթափանցել մարդկային մտքի սահմաններէն ներս, կարող են սակայն մարդիկ խօսիլ Աստուծոյ մասին ուղիղ կերպով։
Աստուծոյ մասին խօսիլ կարելի չէ եթէ ոչ իրազեկ ըլլալով մեր բարբառի անպատշաճութեան եւ աստուածային վսեմութեան։ Ուստի անհրաժեշտ է տեւապէս մաքրել եւ բարւոքել մեր խօսուածքը Աստուծոյ մասին։
Գլուխ Բ. Աստուած մեզի ընդառաջ կու գայ:

Հարցում թիւ 7. Հա՞րկ է որ Աստուած ինքզինք յայտնէր, որպէսզի մենք ճանչնայինք իր ինքնութիւնը։
Իր բնական խելքով` մարդ կրնայ ճանչնալ թէ Աստուած գոյութիւն ունի, բայց ոչ թէ իրապէս ով է Աստուած. Աստուած ինքզինք յայտնեց որովհետեւ կ՛ուզէ որ զինք ճանչնանք իրապէս։
Աստուած պէտք չունէր մեզի յայտնուելու. Զայն իրագործեց որովհետեւ մեզ կը սիրէ։ Ինչպէս որ, մարդկային սիրոյ մարզէն ներս, չենք կարող իրապէս ճանչնալ սիրուած անձը եթէ ան չբանայ իր սիրտը մեզի, նոյնպէս ալ` կարողութիւնը չունինք ճանչնալու Աստուծոյ ամենախորին մտքերը եթէ նոյնինքն Աստուած, յաւիտենական եւ խորհրդաւոր, չյայտնէ զանոնք մեզի, մեծ սիրով։ Արդ` ստեղծագործութենէն ի վեր, մինչեւ իր Միածին Որդւոյն, Յիսուս­Քրիստոսի յայտնութիւնը, Աստուած չի դադրեցաւ մարդոց իր խօսքն ուղղելէ։ Յիսուսի մէջ` ան բացաւ իր սիրտը մեզի եւ արտօնեց հայեցողութիւն հաստատելու իր ամենախոր բնութեան նկատմամբ։

Հարցում թիւ 8. Ինչպէ՞ս Աստուած կը յայտնուի Հին Կտակարանին մէջ։
Հին Կտակարանին մէջ` Աստուած կը յայտնուի որպէս այն անձը որ սիրով ստեղծեց աշխարհը եւ որ հաւատարիմ կը մնայ մարդոց նոյնիսկ երբ անոնք իրմէ կը հեռանան, մեղք գործելով։
Աստուած կը յայտնէ ինքզինք մարդկային պատմութեան մէջ. Նոյի հետ ան կնքեց դաշինք մը, բոլոր կմնդանի արարածներու փրկութեան համար։ Ապա կոչեց Աբրահամը որպէսզի զինք կարգէր հայր` բազմաթիւ ազգերու եւ իրմով օրհնեց բոլոր աշխարհի ժողովուրդները։ Իսրայէլի ժողովուրդը, յառաջ եկած Աբրահամէն, իր անձնական ժողովուրդը հանդիսացաւ. Մովսէսին ներկայացաւ իր անունով. Այդ խորհրդաւոր անունը, յաճախ հնչուած որպէս Եահվէ, կը նշանակէ ՙԵս եմ այն որ էՙ ։ Ան ազատեց Իսրայէլը Եգիպտացիներու ձեռքէն, անոր հետ կնքեց դաշինք մը Սինայիի մէջ եւ տուաւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ։ Աստուած չդադրեցաւ իր ժողովուրդին մարգարէներ ուղարկելէ, որպէսզի կոչէ զանոնք դարձի գալու իրենց մոլար ճամբաներէն եւ վերանորոգելու Դաշինքը։ Նոյն մարգարէները կ՛աւետեն թէ Աստուած նոր եւ յաւիտենական դաշինք մը պիտի կնքէ, որ պիտի յառաջացնէ ամբողջական նորոգում եւ վերջնական փրկութիւն։ Այս նոր դաշինքը պիտի առաջարկուի համայն մարդկութեան։
-------------------------------------------------------------------------------------
Նշմարներ երրորդ Զրոյցի
(Եուքաթի էջերու` կողմնակի նօթագրութիւններ)

1 ­ Սուրբերէ եւ երեւելի անձնաւորութիւններէ մէջբերումներ.
­ Մարդուն գլխաւոր ուժը իր խելքն է. Իսկ խելքի գերագոյն նպատակը` Աստուծոյ ճանաչումն է (Սուրբ Ալբերդոս Մեծն, Տոմինիքեան միաբանութենէն, ապրած է ԺԳ. Դարուն եւ հանդիսացած է Եկեղեցւոյ մեծագոյն վարդապետներէն ու աստուածաբաններէն մին)։
­ Ահա թէ ինչպէս մարդիկ այնքան դիւրութեամբ կարողացան ներթափանցել այն սկզբունքը թէ` այս հարցի առընչութեամբ, այն ամէն ինչ որ կը կարծեն թէ ուղիղ չէ, սխալ է, կամ գէթ տարակուսելի է (Պիոս ԺԲ. Սրբազան Քահանայապետ) ։
­ Այն ամէն ինչ որ անհասկնալի է` չի նշանակեր թէ գոյութիւն չունի (Պլէզ Բասքալ)։
­ Որքան մեծ ըլլայ նմանութիւնը Արարիչին եւ արարծին միջեւ, նոյնքան եւ աւելի մեծ է տարբերութիւնը իրար մէջ (Լատերանեան Դ. Տիեզերական Ժողով)։
­ Հաճելի եղաւ Աստուծոյ, իր անսահման իմաստութեան եւ բարութեան մէջ` անձամբ յայտնել ինքզինք եւ ճանչցնել իր կամքի խորհուրդը, որուն շնորհիւ` մարդիկ, Քրիստոսի` մարմնացեալ Բանին միջոցաւ, կը հասնին Հօր` Սուրբ Հոգւոյն ընդմէջէն, եւ կը դառնան մասնակից աստուածային բնութեան (Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողով)։
­ Երջանկութիւնը զոր կը փնտռէք, այն երջանկութիւնը զորն իրաւունք ունիք ճաշակելու, անուն մը ունի, դէմք մը ունի. Նազովրեցի Յիսուսն է այն (Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետ)։

3 ­ Բացատրութիւններ
Ի՞նչ կը նշանակէ ՙՅայտնութիւնՙ բառը։
Յայտնութիւն կը նշանակէ Աստուծոյ յայտաբերումը, որով ան ինքզինք կը բանայ, ցոյց կու տայ, եւ իր խօսքը կ՛ուղղէ աշխարհին, իր անձնական նախաձեռնութեամբ։
Ի՞նչ կը նշանակէ ՙՄարմնացումՙ բառը։
Մարմնացումը Աստուծոյ մէկ գործունէութիւնն է որով ան կը ստանձնէ մարդկային վիճակ, Յիսուս­Քրիստոսի մէջ։ Մարմնացումը հիմը մը կազմէ քրիստոնէական հաւատքին, ինչպէս նաեւ մարդկութեան փրկութեան յոյսին։







All the contents on this site are copyrighted ©.