2013-11-09 08:45:03

Եւրոպայի բարեսիրական մարմիններու պատասխանատու եպիսկոպոսները կը վերահաստատեն կապը հաւատքի եւ եղբայրօգնութեան միջեւ։


''Եղբայրօգնութիւնը նախ եւ առաջ հաւաքական հիւրընկալութիւն մըն է''։

''Սերտ կապ կայ հաւատքի, եղբայրօգնութեան ու աւետարանութեան միջեւ'' կը յայտարարեն Եւրոպայի բարեսիրական մարմիններու պատասխանատու եպիսկոպոսները, որոնք իրենց ժողովը գումարեցին Իտալիոյ Թրիեսդէ քաղաքին մէջ, անցեալ 4-6 նոյեմբեր 2013։
Եպիսկոպոսներու գնահատումով կարելի չէ մտայղանալ եղբայրօգնութիւնը առանց հաւատքի, հակառակ պարագային Եկեղեցին կը դառնայ ոչ-կառավարական լոկ կազմակերպութիւն մը։ Նոյնպէս կարելի չէ մտայղանալ հաւատքը առանց եղբայրօգնութեան։ Եպիսկոպոսներու համոզումով Աստուծոյ ժողովուրդը իր ամբողջութեամբ կը մասնակցի եղբայրօգնութեան առաքելութեան հաղորդելով միաժամանակ կարօտեալին իր հաւատքը Հօր Աստուծոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.