2013-11-09 12:36:29

Ափրիկէէն Ակնէս Ապում ընտրուեցաւ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ


Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կին մը՝ տոքթ. Ակնէս Ապում (Ափրիկէէն) ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ: Եկեղեցիներու խորհուրդի բարձրագոյն պաշտօնը նկատուող ատենապետը միաժամանակ Գործադիր ու Կեդրոնական վարչութեանց ատենապետն է եւ կը կազմէ գերագոյն հեղինակութիւնը խորհուրդի բոլոր բաժանմունքներուն ու գործունէութեան: Նոյն այս պաշտօնին յաջորդական երկու շրջաններու համար ընտրուած էր Արամ Ա. կաթողիկոս:
Յայտնենք, որ տոքթ. Ակնէս Ապում մօտէն ծանօթ է վեհափառ հայրապետին եւ Հայոց ցեղասպանութեան:
Նաեւ յայտնենք, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նոր Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան: Նարեկ սրբազան նաեւ ընտրուեցաւ Գործադիր վարչութեան անդամ։







All the contents on this site are copyrighted ©.