2013-11-08 10:34:07

Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան Ոլորտը Աճ Արձանագրած է


Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ այս տարի դրական աճ կը նկատուի: Լրագրողներու հետ այսօր կայացած հանդիպման մը ընթացքին յայտնած է գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Գառնիկ Պետրոսեանը՝ անդրադառնալով ոլորտի ինն ամսուայ աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:
Փոխնախարարի խօսքով` ոլորտի յառաջընթացը կապուած է գիւղատնտեսութեան խորհրդատուական ծառայութիւներով, գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հանրապետական կեդրոնի ու մարզային կեդրոններու գործունէութեամբ: “Իւրաքանչիւր խորհրդատու սպասարկում է 8-10 համայնք: Խորհրդատուական ծառայութիւններից տարեկան 185 հազար տնտեսվարողներ են օգտւում: Խորհրդատուութիւններն անցկացւում են տարբեր ուղղութիւններով: Մեծ թուով սեմինարներ են կազմակերպւում, խորհրդացուցադրական միջոցառումներ են իրականացւում”,- ըսած է ան:
Պետրոսեան նշած է, որ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան կեդրոնները կը համարուին գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կարեւորագոյն յենարանը: Անիկա նախարարութիւն-գիւղացիական տնտեսութիւններ կապող օղակ է: “Կեդրոնները օպերատիւ տեղեկատւութիւն են տրամադրում նախարարութեանը` մարզում գիւղատնտեսութեան ոլորտում ցանկացած իրադարձութիւնների վերաբերեալ: Դրանք մեծ աջակցութիւն են ցոյց տալիս գիւղացիներին յատկապէս տարերային աղէտների հետեւանքների յաղթահարման ուղղութեամբ”,- ըսած է Պետրոսեանը` օրինակ բերելով Արմաւիր մարզը, ուր կարկտահարութենէն տուժած տնտեսութիւններուն կեդրոնները մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած են: Անդրադառնալով բոյսերու պաշտպանութեան եւ անասնաբուծական ոլորտներուն մէջ խորհրդատւութեան կազմակերպման, գիւղատնտեսութեան փոխնախարարը ըսած է, որ գիւղացիական տնտեսութիւնները յատկապէս խորհրդատւութեան կարիք ունին բոյսերու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ, մասամբ նաեւ՝ անասնաբուծութեան ոլորտին: “Փոքրաթիւ համայնքներում է, որ կան բոյսերի պաշտպանութեան գծով մասնագէտներ: Այս առումով մեր աջակցութեան կենտրոնները մեծ խնդիրներ ունեն իրականացնելու”,- աւելցուցած է ան: Գառնիկ Պետրոսեանը գիւղնախարարութեան այս ինը ամիսներու կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկը կը համարէ մորմազգիներու դէմ պայքարը: “Մենք հետազօտութուններ ենք իրականացրել, մի քանի կարեւոր ուսումնասիրութիւններ ենք կատարել եւ նոր թեխնոլոկիաներ ենք ներդրել` կանխելու համար այս վնասատուի տարածումը մշակաբոյսերի ցանքերում: Եգիպտացորենի ցանք է կատարուել լոլիկի ցանքերը պաշտպանելու համար: Դա պուֆերային ցանք է կոչւում, որի միջոցով կանխւում է վնասատուի թափանցումը կուլտուրական մշակաբոյսերի ցանքեր”,-ըսած է Գառնիկ Պետրոսեան:
Հայաստանի տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշը 2013 թուականի Յունուար-Սեպտեմբերին 3,2 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը:
Այս տարուան ինն ամիսներուն ընթացքին գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը աճած է 5,5 տոկոսով` կազմելով 663 միլիառ 413,6 միլիոն դրամ: Առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած է 2,1 տոկոսով եւ կազմած 1 թրիլիոն 546 միլիառ 337,5 միլիոն դրամ:








All the contents on this site are copyrighted ©.