2013-11-08 11:18:19

Գործակցութեան խորացման յուշագիր՝ Հայաստանի Եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին միջեւ


Հինգշաբթի 7 նոյեմբերին, Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին միջեւ փոխադարձ գործակցութեան խորացման մասին յուշագիր ստորագրուեցաւ։
Կառավարութեան պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ փաստաթուղթը ստորագրած են Հայաստանի Հանրապետութեան անունով՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, իսկ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին անունով՝ յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Վիքթոր Խրիսթենքօ։
Յուշագիրի ստորագրման արարողութեան յաջորդեց Հայաստանի վարչապետին եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահի միացեալ մամլոյ ասուլիսը։
Վարչապետի եւ Խրիսթենքոյի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպման ընթացքին միացեալ աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչները զեկուցեցին Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան միանալու հոլովոյթին վերաբերող շարք մը հարցերուն շուրջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն եւ քննարկումներուն արդիւնքները։
Մասնաւորաբար, արծարծուեցան արհեստագիտական, առողջապահական, սակագնային եւ ոչ սակագնային կանոնակարգման, հակամենաշնորհային կանոնակարգման, մաքսային տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ինչպէս նաեւ մաքսային եւ հարկային մարզերուն առնչուող հարցեր։ Այս շրջագիծին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը Մաքսային միութեան ընդհանուր օրէնսդրութեան համապատասխանեցնելու խնդիրին։







All the contents on this site are copyrighted ©.