2013-11-07 12:19:28

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 7 նոյեմբերի գործունէութիւնը։
Ֆրանսացի եպիսկոպոսներուն ուղղած պատգամը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այսօր` հինգշաբթի 7 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը, ապա յաջորդաբար ընդունեց Կարտինալ Ժոզէֆ Թոմքօ` Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Խորհրդաժողովներու Քահանայապետական Խորհուրդի երբեմնի նախագահ` ու ապա Էլ Սալվատորի առաքելական նուիրակ` գերապայածառ Լէոն Գալէնկա Պատիգեպելէ եւ հուսկ` Տիար Միքայել Նազիր Ալի, Ռոքեսդերի Անկիլքան Եկեղեցւոյ երբեմնի Եպիսկոպոս։ Նորին Սրբութիւնը ժամը 12,30-ին ընդունեց Քորէայի Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան` Տիար Հան Թոմաս Հոնկ Սուն, հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։
Յայտնենք որ նոյեմբեր 5-էն - 10 Լուրտի մարեմեան սրբավայրին մէջ տեղի կ՛ունենայ ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի լիանիստ ժողովը, որուն իր մանակցութիւնը կը բերէ նաեւ ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ` գերապայծառ Յովհաննէս Թէյրուզեանը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, պատգամ մը ուղղած է ժողովականներուն որուն մէջ կը հրաւիրէ զանոնք մօտ ըլլալու` մեկուսութեան մէջ ապրողներուն։ Ան կը քաջալերէ ֆրանսայի Եկեղեցին որ շարունակէ իր առաքելութիւնը ինչազուրկերու ի սպաս։
Սրբազան Հայրը միաժամանակ իր խնդակցութիւնը յայտնած է, անցեալ մայիսին, Լուրտի մարեմեան սրբավայրին մէջ, ընկերային հարցերու պատասխանատու` եպիսկոպոսական խորհուրդի կատարած խորհրդաժողովին համար, առ ի օգնութիւն կարօտեալներուն։ Թող մարդ արարածի հանդէպ հոգատարութիւնը ըլլայ ցնցիչ վկայութիւն մը Աստուծոյ ողորմութեան ու Անոր գթութեան հանդէպ ամէն անհատի - գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ - ընդգծելով թէ այս մէկը կը պահանջէ ապաշխարութիւն Քրիստոսի` որպէսզի աւետարանական առաքելութիւնը ըլլայ հաւատալի։








All the contents on this site are copyrighted ©.