2013-11-07 11:50:38

''Ունիդալսի'' հիւանդներուն եւ անկարներուն օգնութեան հասնող իտալական ազգային կազմակերպութեան հիմնարկութեան 110 ամեակի տօնախմբութիւն։


8-10 նոյեմբեր, ''Ունիդալսի''ն` հիւանդներուն եւ անկարներուն օգնութեան հասնող իտալական ազգային կազմակերպութիւնը կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 110-րդ ամեակը, որպէս բնաբան ունենալով ` ''Ունիդալսի 110 տարիէ օգնութեան կը հասնի կարօտեալին''։
Այս առթիւ, ուրբաթ 9 նոյեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կ'ընդունի Ունիդալսիի մօտ 7000 անդամները։ Հանդիպումի ընթացքին Ունիդալսիի անդամները Սրբազան Հօր կը ներկայացնեն հատոր մը որ կը պատմէ մարդասիրական ընկերակցութեան 110 տարուայ գործունէութեան հանգրուաններն ու նշանակութիւնը։
Յայտնենք որ այս առթիւ կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ` Սուրբ Աթոռի երբեմնի Պետական Քարուղարը, պատարագ կը մատուցէ ունկնդրութեան մասնակցողներուն, ապա գերապայծառ ֆիզիքելլա` նախագահը նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի, զեկոյց մը կը կատարէ հաւատքի նիւթին մասին։ 110-րդ յոբելեանի տօնախմբութիւնները կ' եզրափակուին, կիրակի 10 նոյեմբերին, Հռոմի ս. Պօղոս պազիլիքայի մէջ մատուցուած հանդիսաւոր ս. պատարագով որ պիտի գլխաւորէ Ունիդալսիի հոգեւոր առաջնորդ` գերապայծառ Լուիճի Մառուչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.