2013-11-07 11:37:00

Ամերիկեան «Ամքոր» կազմակերպութիւնը կ’աջակցի Սուրիահայ երեխաներուն


Նոյեմբեր 6-ին «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հերթական գեղեցիկ նախաձեռնութիւնն էր: Նախաձեռնութեան մասին որոշ պարզաբանումներ ըրաւ «Ամքոր» ամերիկեան կազմակերպութեան հայկական մասնաճիւղի ծրագիրներու համակարգող Անահիտ Գասպարեանը. «Ամրան ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակը հրաւիրած էր համաժողով, որուն կը մասնակցէին հայաստանեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններ: Քաջատեղեակ ըլլալով Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն` համաժողովին ժամանակ հարց բարձրացաւ, թէ կազմակերպութիւնները ինչ նախաձեռնութեամբ կրնայ հանդէս գալ: «Մեր կազմակերպութիւնը որոշեց անմասն չմնալ եւ կրցաւ փոքր գումար մը հայթայթել` մօտ 10 հազար տոլար»: «Ամքոր» կազմակերպութիւնը դիմած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի ղեկավար տիկին Լենա Հալաճեանին` պարզելու համար, թէ այդ գումարով ինչ կրնան ընել` հաշուի առնելով արդի կարիքները: Փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշուած է այդ գումարով 7-14 տարեկան մօտ 400 երեխաներու համար բաճկոններ պատուիրել:
«Կը հասկանանք, որ այնքան ալ մեծ օգնութիւն չէ, բայց ուրախ ենք, որ կրցանք քիչ մը թեթեւցնել սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն կարիքները,- նշած է տիկին Անահիտը եւ յաւելցուցած, որ հնարաւոր է` յառաջիկային «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի հետ այլ ծրագիր եւս իրականացնեն` ի շահ Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.